Հայրենի Կեանք
Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ
«Վիվասել Էմ.Թի.Էս.» ի Դիմատետրի Էջին Վրայ
Կայացած «Սիրոյ Լաւագոյն Խոստովանութիւն»
Մրցոյթին Յաղթողները Ստացած Են Իրենց Մրցանակները
Երիտասարդներու եւ սիրոյ բարեխօս Սուրբ Սարգիս զօրավարի յիշատակութեան օրը կը խորհրդանշուի` երիտասարդութեան օրհնութեամբ, սիրոյ խոստովանութեամբ, ջերմ զգացումներ փոխանցելով, անկեղծ յարաբերութիւններու կարեւորութիւնը եւս մէկ անգամ նշելով եւ, վստահաբար, սիրելիներուն նուէրներ փոխանցելով:
«Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.»-ի գլխաւոր տնօրէն Ռալֆ Երիկեան, «Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.»-ի Դիմատետրի էջին վրայ կայացած «Սիրոյ լաւագոյն խոստովանութիւն» մրցոյթի յաղթողներուն յանձնած է «Էմ.Թի.Էս. Իկօ» սմարթֆոններ: Մրցանակակիրները` Արմինէ Մամեանը, Քրիստինէ Վարդանեանը եւ Արտաւազդ Սաղաթէլեանը ստացած են երկուքական «Էմ.Թի.Էս. իկօ» սմարթֆոն` իրենց եւ իրենց սիրելիներուն համար:
Ըստ կանոններուն, «Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.»-ի Դիմատետրի էջին վրայ մրցոյթի յայտարարութեան տակ պարզապէս անհրաժեշտ էր գրել սիրոյ գեղեցիկ խոստովանութիւն` մեկնաբանութեան տեսքով: Յաղթող պիտի յայտարարուէր այն խոստովանութիւնը, որ պիտի հաւաքէր ամէնէն մեծ թիւով «like»-ը` փետրուար 12-էն մինչեւ 18-ին միջեւ ինկած ժամանակահատուածին ընթացքին:
Իբրեւ արդիւնք, «Սիրոյ լաւագոյն խոստովանութիւն» մրցոյթի յաղթող յայտարարուած է Արմինէ Մամեանը` 1125 «like» ստանալով: Այնուամենայնիւ, նկատի առնելով, որ մրցոյթի արդիւնքներով յաղթողէն բացի եւս 2 մասնակիցներ` Քրիստինէ Վարդանեանը` 1059 «like» եւ Արտաւազդ Սաղաթէլեանը` 917 «like», իրենց «like»-երուն քանակով զբաղեցուցած են ակնյայտ առաջատար դիրք, «Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.»-ը որոշած է նշուած մասնակիցներուն եւ անոնց սիրելիներուն եւս նուիրել «Էմ.Թի.Էս. Իկօ» սմարթֆոն:
Ս. Վարդանանց Տօնը Եռաբլուրի Մէջ
Հայաստանեայց Առաքելական Ս. եկեղեցին փետրուար 27-ին նշեց Ս. Վարդանանց տօնը: Զօրաւոր Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ Ս. պատարագը մատուցուած է Արարատեան հայրապետական թեմի առաջնորդական փոխանորդ Նաւասարդ արք. Կճոյեանի հանդիսապետութեամբ, որմէ ետք սրբազանը մասնակցած է Եռաբլուրի Ս. Վարդանանց Նահատակաց եկեղեցւոյ մէջ այս առիթով կատարուած նախաձեռնութեան: Կատարուած է հոգեհանգիստի կարգ` ի յիշատակ հայրենիքի համար զոհուած զինուորներուն: Ապա եկեղեցւոյ բակին մէջ տեղի ունեցած է ոգեկոչման հանդիսութիւն:
Երեկոյեան Զօրաւոր Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ «Զօրաւոր» երիտասարդաց միութեան եւ Երեւանի Ք. Քուշնարեանի անուան արուեստի դպրոցի սաներուն մասնակցութեամբ տեղի ունեցած է երգահանդէս` նուիրուած Ս. Վարդանանց տօնին:
Արամ Խաչատրեանի Անուան Եռեակի 15-ամեակին
Նուիրուած Նուագահանդէսին Պիտի Հնչեն Պեթհովենի
Եւ Չայքովսքիի Ստեղծագործութիւնները
Արամ Խաչատրեան համերգասրահին մէջ մարտ 3-ին տեղի ունեցաւ Ա. Խաչատրեանի անուան եռեակի եւ Հայաստանի պետական երիտասարդական նուագախումբի գեղարուեստական ղեկավար եւ գլխաւոր խմբավար Սերգէյ Սմբատեանի հետ միատեղ նուագահանդէս մը, որ նուիրուած էր Ա. Խաչատրեանի անուան եռեակի 15-ամեակին:
Հայաստանի պետական երիտասարդական նուագախումբի հասարակայնութեան հետ կապերու բաժինէն տեղեկացուցին, թէ նուագահանդէսի ընթացքին պիտի հնչեն Լիւտուիկ Վան Պեթհովենի Եռակի համերգը եւ Պեոտր Իլիչ Չայքովսքիի աշխարհահռչակ «Կարապի լիճը»:
Գործունէութեան 15 տարիներուն ընթացքին Ա. Խաչատրեանի անուան եռեակը առաջին անգամ միեւնոյն բեմին վրայ հանդէս կու գայ նուագախումբին հետ: Եռեակը հիմնադրուած է 1999-ին` իբրեւ «Արսիկա»: 2006 թուականին ան հանդէս կու գայ հետեւեալ կազմով` Արմինէ Գրիգորեան (դաշնակ), Կարէն Շահգալդեան (ջութակ), Կարէն Քոչարեան (թաւջութակ): 2008-ին եռեակը կը կրէ հայ մեծանուն երաժշտահան Արամ Խաչատրեանի անունը:
Հայաստանի Ամերիկեան Համալսարանի
Ծրագիրներու Ներկայացում
Վարչապետ Տիգրան Սարգսեան 25 փետրուարին Հայաստանի ամերիկեան համալսարանին մէջ ունեցած է խորհրդակցութիւն հանդիպում մը` նուիրուած Հայաստանի կրթութեան համակարգին մէջ իրականացուող բարեփոխումներուն եւ ծրագիրներուն: Քննարկման մասնակցած են Հայաստանի կրթութեան եւ գիտութեան նախարար Արմէն Աշոտեանը, նախարարի տեղակալ Կարինէ Յարութիւնեանը, Հայաստանի ամերիկեան համալսարանի ղեկավար կազմը եւ Պոլոնիայի գործընթացի հետամուտ խումբի քարտուղարութեան ներկայացուցիչները:
ՀԱՀ պատմութեան, կրթական, գիտական հետազօտական ծրագիրներու եւ յառաջիկայ ծրագիրներուն մասին համառօտ զեկուցում ներկայացուցած է համալսարանի փոխնախագահ Աշոտ Ղազարեանը: Ան տեղեկացուցած է, որ 2013-ի սեպտեմբերէն համալսարանը նաեւ հաստատած է եւ կը գործադրէ պսակաւոր արուեստից եւ գիտութեան աստիճան շնորհող ծրագիրներ: Պատասխանելով վարչապետը հետաքրքրող հարցումներուն` Ա. Ղազարեան մանրամասնութիւններ ներկայացուցած է ուսուցման մեթոտիկայի, պսակաւոր գիտութեան եւ մագիստրոսի որակաւորման աստիճան շնորհող ծրագիրներուն, սուրիահայ ուսանողներուն կարգավիճակին, ինչպէս նաեւ շրջաններուն մէջ իրականացուող շարունակական կրթութեան ծրագիրներուն վերաբերեալ:
Այնուհետեւ ԲԳՀԽ քարտուղարութեան ղեկավար Գայեանէ Յարութիւնեան ներկայացուցած է 2012-ին Պուքրէշի մէջ Պոլոնիայի քարտուղարութիւնը Հայաստանին յանձնելէն մինչեւ օրս կատարուած աշխատանքները: «Մասնաւորապէս, իրականացուած են քայլեր` ԲԳՀԽ կառոյցներու միջեւ մնայուն հաղորդակցութիւն ապահովելու եւ ըստ համանախագահներու պահանջին պատշաճ տեղեկատուութիւն տարածելու նպատակով, կազմակերպուած են սեմինարներ եւ քննարկումներ, լրամշակուած եւ թարմացուած է Եւրոպական բարձրագոյն կրթութեան տարածաշրջանի կայքը` www.ehea.info: Իբրեւ եզրափակիչ ձեռնարկներ` 2015 թուականի մայիսին Երեւանի մէջ կը կայանան Պոլոնիայի նախարարական գագաթաժողովը եւ չորրորդ քաղաքական ֆորումը: Կը նախատեսուի, որ այս նպատակով Հայաստան պիտի գան մօտաւորապէս 100 երկրի պատուիրակութիւն», յայտնած է Յարութիւնեան:
Յայտնենք, որ խորհրդակցութեան աւարտէն ետք կառավարութեան ղեկավարը շրջագայած է համալսարանին մէջ, այցելած է թանգարան եւ լսարաններ, ինչպէս նաեւ` զրուցած ուսանողներուն հետ:
Զօրավար Անդրանիկի Յիշատակին Նուիրուած
Նախաձեռնութիւններ
Զօրավար Անդրանիկ Օզանեանի ծննդեան 149-րդ տարեդարձին առիթով Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան եւ Երեւանի քաղաքապետ Տարօն Մարգարեան քաղաքապետի առաջին տեղակալ Կամօ Արէյեանի, քաղաքապետի տեղակալներու, մայրաքաղաքի վարչական շրջաններու ղեկավարներու եւ քաղաքապետարանի աշխատակազմի այլ պաշտօնեաներու եւ բարձրաստիճան սպաներու ընկերակցութեամբ այցելած են Եռաբլուր պանթէոն` յարգանքի տուրք մատուցելու զօրավարին յիշատակին: Կատարուած է հոգեհանգստեան արարողութիւն` զօրավարին եւ հայ ազգային ազատագրական պայքարի բոլոր նուիրեալ նահատակներուն հոգիներուն համար:
Տարօն Մարգարեան եւ նախարար Սէյրան Օհանեան ծաղիկներ զետեղած են նաեւ սպարապետ Վազգէն Սարգսեանի շիրիմին եւ Անծանօթ զինուորի յուշաքարին առջեւ:
Սէյրան Օհանեան այս առիթով յայտնած է, որ այսօր եւս մեր հասարակութեան մէջ կան Անդրանիկի յետնորդները, անոր պատգամը կրողները: Ըստ անոր, այս իրողութեան վառ ապացոյցը այն է, որ երկրի անվտանգութիւնը ապահովող հայոց բանակը օր ըստ օրէ կը կատարելագործուի եւ կարողութիւն ունի ապահովելու հայ ժողովուրդին խաղաղութիւնը:
«Հայ ժողովուրդը իր ճակատագրի բերումով մնայուն մօտ ըլլալով ռազմական գիտութեան` միշտ ունեցած է զօրավարներ, որոնք իրենց թէ՛ ազգային արժանապատուութեամբ, թէ՛ միջազգային համբաւով համապատասխան ներդրում ունեցած են մեր պայքարին, նաեւ իրադարձութիւններուն, որոնք տեղի ունեցած են աշխարհի մէջ: Այդպիսի զօրավարներէն մէկն է Անդրանիկ Օզանեանը, որուն ծննդեան 150-ամեակը աւելի մեծ շուքով պիտի նշենք», ըսած է նախարարը: Անոր համաձայն, Անդրանիկի նման հերոսներուն օրինակը պէտք է տարածել այսօրուան բանակի կազմաւորման գործընթացին մէջ, իսկ հասարակութիւնը պարտաւոր է այսպիսի օրինակներով դաստիարակուելու:
Այնուհետեւ քաղաքապետ Տարօն Մարգարեան այցելած է Անդրանիկ Օզանեանի թանգարան եւ ներկայ գտնուած մեծ զօրավարին յիշատակին նուիրուած ձեռնարկին` երաժշտախառն թատրոնին, որուն մասնակցած են նաեւ դպրոցականները:
Երեւանի Մէջ Բացումը Կատարուած Է
Բժշկական Նոր Կեդրոնի
Վերջերս Երեւանի մէջ բացումը կատարուեցաւ «Սիրմեդ» ախտորոշիչ բժշկական կեդրոնին: Բացման պատիւը վերապահուած էր քաղաքապետ Տարօն Մարգարեանին, Հայաստանի առողջապահութեան նախարար Դերենիկ Թումանեանին եւ կեդրոնի տնօրէն Սիրանուշ Մարտիրոսեանին:
Նորաբաց բժշկական կեդրոնին մէջ կատարուած է մօտաւորապէս 600 միլիոն դրամի ներդրում, ստեղծուած է մօտաւորապէս 40 նոր աշխատատեղ: Քաղաքապետ Տարօն Մարգարեան եւ առողջապահութեան նախարար Դերենիկ Թումանեան` բժշկական կեդրոնի տնօրէնին ընկերակցութեամբ, շրջագայած են կեդրոնին մէջ եւ ծանօթացած` սպասարկման պայմաններուն: Սիրանուշ Մարտիրոսեան նշած է, որ կեդրոնին մէջ կան ժամանակակից արհեստագիտական պահանջներուն համապատասխանող կառավարման համակարգեր, եւ անիկա ծառայութիւններ պիտի մատուցէ 3 հիմնական ուղղուածութեամբ` տարրալուծարանի հետազօտութիւններ, ախտորոշման եւ գեղեցկագիտական ծառայութիւններ: Ան հաստատած է, որ ձեռք բերուած են համաշխարհային ճանաչում ունեցող զուիցերիական, գերմանական, ֆրանսական, ամերիկեան, ճափոնական վերջին սերունդի ժամանակակից սարքաւորումներ:
Սիրանուշ Մարտիրոսեան աւելցուցած է, որ բժշկական կեդրոնը պիտի մատուցէ նաեւ բուժման, գեղեցկագիտական վիրաբուժական, մանկաբարձական, ուռուցքաբանական, ինչպէս նաեւ մաշկաբանական ծառայութիւններ եւ այդ բոլոր ծառայութիւնները կը մատուցուին բարձր որակաւորում ունեցող մասնագէտներուն կողմէ:
«Այբ» Կարգի Դպրոց–Բանակումին
Առաջին Քայլերը
Փետրուար 21-ին բացումը կատարուեցաւ երկար սպասուած «Այբ» կարգի եռօրեայ դպրոց- բանակումի առաջին հանգրուանին: Բացման հանդիսաւոր արարողութեան ընթացքին ներկաներուն ուղղուած ողջոյնի խօսքին մէջ ՀԱՍԿ-ի ընդհանուր խմբապետ Գէորգ Գասպարեան նշեց. «Մեր նպատակն է պատրաստել հայրենասիրական ոգիով ներշնչուած, կիրթ եւ բանիմաց առաջնորդներ, որոնք պիտի դառնան Հայաստանի արժանի քաղաքացիներ: Այս սեմինարը հերթական քայլը պիտի ըլլայ այդ ուղղութեամբ…»:
Իրենց ներկայութեամբ ծրագիրը պատուեցին Եւրասիոյ սկաուտական տարածաշրջանի գրասենեակի տնօրէն Եուրի Եմելիանը եւ կոմիտէութեան խորհրդական Նիկոլայ Ակատովը: Վերջինս իրեն բնորոշ հմտութեամբ վարեց սեմինարը` օգնելով մասնակիցներուն սեփական մտորումներով գտնել շարք մը հարցումներու պատասխաններ… Հիմնական շեշտը դրուեցաւ առաջնորդութեան եւ ղեկավարման կարգի գիտելիքի եւ հմտութիւններու փոխանցման վրայ:
Ե. Եմելիան պատրաստակամութիւն յայտնեց ուժերու ներածին չափով աջակցելու տարածաշրջանի կազմակերպութիւններուն` յառաջընթաց եւ զարգացում ապահովելու համար:
Տեղեկացնենք, որ իբրեւ արդիւնք տարածաշրջանային գրասենեակի գործօն մասնակցութեան` կարելի եղաւ կեանքի կոչել ծրագիր մը, որ թոյլ կու տայ փաստելու, թէ տարիներ ետք ՀԱՍԿ-ը յուսալի ձեռքերու մէջ պիտի ըլլայ:
«Յակոբ Կարապենց» Կրթաթոշակ`
Գրական Ձիրք Ունեցող 5 Ուսանողներու
Լոյս տեսած է «Ժամանակակից հայ արձակի հիմնական հարցեր» ժողովածուն, որուն շնորհահանդէսը տեղի ունեցաւ 20 փետրուարին:
Ժողովածուն կը ներառէ «Ժամանակակից հայ արձակի հիմնական հարցեր» գիտաժողովի 20 զեկոյցները: Նիւթերը կ՛անդրադառնան նորագոյն շրջանի հայ արձակին ընթացքին, գեղարուեստական եւ բովանդակային հարցադրումներուն, ոճային առանձնայատկութիւններուն եւ բազմազանութեան:
«Մտածեցինք` ինչո՞ւ չանդրադառնալ մեր ժամանակակից արձակին եւ որոշեցինք, որ մեր հերթական գիտաժողովը պիտի նուիրենք անոր դրսեւորումներուն, զարգացման հեռանկարներուն եւ այլն», յայտնած է Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային հիմնադրամի նախագահ Լիլիթ Գալստեանը:
Շնորհահանդէսին ընթացքին գրականագէտ Վազգէն Գաբրիէլեանը նշած է, որ գիրքին մէջ ներառուած են այսօրուան մեր գրականութեամբ զբաղող քննադատներու, գրողներու տարբեր սերունդներու ներկայացուցիչներու գործերը:
Այս առիթով բարձր յառաջադիմութիւն եւ գրական-ստեղծագործական ձիրք ունեցող 5 ուսանողներ արժանացած են «Յակոբ Կարապենց» կրթաթոշակին:
Հայոց Լեզուի Դասաւանդման «Վըրչուըլ» Դպրոց
Փետրուար 18-ին Հայաստանի սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան ընդունած է Հայ բարեգործական ընդհանուր միութեան Կեդրոնական վարչութեան ժողովի անդամ Վազգէն Եագուպեանը եւ Հայ բարեգործական ընդհանուր միութեան հայաստանեան գրասենեակի ներկայացուցիչները:
Խօսելով հայկական սփիւռքին դիմաց ծառացած մարտահրաւէրներուն մասին` նախարար Հրանուշ Յակոբեան առաջնային նկատեց հայոց լեզուի ուսուցումը, պահպանումը եւ տարածումը` իբրեւ հայկական ինքնութեան պահպանման միակ առհաւատչեայ: Հիւրերուն ներկայացուեցաւ նաեւ այս ուղղութեամբ սփիւռքի նախարարութեան կողմէ իրականացուող լեզուի դասաւանդման, ուսուցիչներու վերապատրաստութեան ծրագիրները:
Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան մայրենի լեզուի ուսուցման նպատակով Հայ բարեգործական ընդհանուր միութեան հետ միատեղ սփիւռքի նախարարութեան կողմէ «վըրչուըլ» հեռուստադպրոցի ստեղծման հարցը: Նախատեսուած է, հեռակայ ուսուցմամբ մայրենին հասանելի դարձնել հայկական սփիւռքի տարբեր համայնքներուն: Հայոց լեզուն պիտի դասաւանդուի օտար լեզուի հիմքով: Ծրագիրը նախատեսուած է լեզուի իմացութեան տարբեր մակարդակներու համար` նկատի առնելով տարբեր երկիրներու մէջ լեզուի ուսուցման պահանջը եւ նախատեսուած է 10 տարեկան եւ աւելի մեծ տարիք ունեցողներուն համար: Դասընթացքը նախատեսուած է կատարել փոխներգործօն մեթոտով, ուսուցողական վարժութիւններու միջոցով: Ան աշակերտներուն առիթ պիտի տայ պատասխանելու հարցումներուն, ուրիշներու հետ կապ հաստատելու, կարծիքները փոխանակելու եւ քննարկումներ կատարելու:
Նշենք, որ նախատեսուած է նաեւ կազմակերպել արեւմտահայերէնի ուսուցում:
Հայ բարեգործական ընդհանուր միութեան ներկայացուցիչներուն հետ քննարկուեցան նաեւ ծրագիրի իրականացման թեքնիք եւ կազմակերպական այլ հարցեր:
Շարլ Ազնաւուրը 90-ամեակը Պիտի Տօնէ Նաեւ
Հայաստանի Հանդիսատեսին Հետ
Ծննդեան 90-ամեակին առիթով Շարլ Ազնաւուր պիտի ուրախացնէ իր հայ երկրպագուները` համերգային ծրագիր ներկայացնելով Երեւանի մէջ: «Շախմատային Հայաստան» պարբերականին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին, պատասխանելով լրագրողին այն հարցումին, թէ ինչպէս պիտի նշէ իր 90-ամեակ, Ազնաւուր պատասխանած է. «Հաւանաբար ելոյթ ունենամ Հայաստանի մէջ: Տարբեր երկիրներէ հրաւէրներ ստացած եմ` Քանատա, Ֆրանսա, ուրիշ երկիրներ, բայց ես կը կարծեմ, թէ ճիշդ պիտի ըլլայ, որ Հայաստանի մէջ կազմակերպուի երգահանդէսը», նշած է ան:
Ազնաւուր խոստովանած է, որ երիտասարդ տարիքին խենթի պէս սիրած է ճատրակ խաղալ: «Վերջին անգամ ճատրակ խաղացած եմ 35 տարի առաջ: Ինծի ճատրակ խաղալ սորվեցուցած է Միսաք Մանուշեանը», նշած է Ազնաւուր` աւելցնելով, որ ներկայիս կը հետեւի ճատրակի ախոյեանութիւններուն` հայ մարզիկները քաջալերելու համար:
«Հայակ-2014»-ը Պիտի Նուիրուի Սերգէյ
Փարաջանովի Ծննդեան 90-ամեակին
«Հայակ-2014» ազգային շարժապատկերի մրցանակաբաշխութիւնը այս տարի պիտի ներկայանայ կարգ մը փոփոխութիւններով: Արդէն երրորդ տարին ըլլալով կայացող եւ հայկական շարժապատկերի արտադրութիւնը գնահատող եւ կարեւորող մրցանակաբաշխութեան հանդիսաւոր երեկոն տեղի պիտի ունենայ 1 մայիսին, Ա. Սպենդիարեանի անուան օփերայի եւ պալէի ազգային ակադեմական թատրոնին մէջ: Շարժապատկերի բնագաւառին մէջ կայացող այս մեծ նախաձեռնութիւնը 2014 թուականին պիտի նուիրուի համաշխարհային հռչակ ունեցող շարժապատկերի բեմադրիչ Սերգէյ Փարաջանովի ծննդեան 90-ամեակին:
Փետրուար 11-ին կայացած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին այս մասին յայտարարած է «Հայաստանի ազգային շարժապատկերի կեդրոն»-ի տնօրէն Գէորգ Գէորգեանը` աւելցնելով, որ հայկական իրականութեան մէջ այս մրցանակաբաշխութիւնը մեծապէս արժեւորուած է:
Ներկայացնելով «Հայակ-2014» թուականի փոփոխութիւնները` ան նշած է, որ առաջին անգամ սահմանուած են երկու նոր` Ռուբէն Մամուլեանի եւ Համօ Բեկնազարեանի անուան յատուկ մրցանակներ, որոնք պիտի տրուին շարժանկարի աշխարհին մէջ ներդրում ունեցողներուն:
«Այս տարի «Հայակ»-ի դատական կազմի նախագահն է շարժանկարի բեմադրիչ, բեմագիր եւ արտադրիչ Էդգար Բաղդասարեանը: Մրցոյթի յանձնախումբին անդամները նախագահին գլխաւորութեամբ դիմումնագիրներու ընդունման աւարտէն ետք, միամսեայ ժամկէտի մէջ կը դիտեն ժապաւէնները, որմէ ետք, ապրիլ 1-ին կը յայտարարուին յաւակնորդ ժապաւէնները: Իւրաքանչիւր անուանակարգին վերաբերող որոշումները կ՛ընդունուին ձայներու պարզ մեծամասնութեամբ: Քուէարկութիւնը գաղտնի է», տեղեկացուցած է Գէորգեան:
Փոխուած է նաեւ ազգային մրցանակաբաշխութեան գլխաւոր հովանաւորը: «Օրանժ» ընկերութեան փոխարէն` գլխաւոր հովանաւոր դարձած ռուսական «Աֆինա պալլադա» ընկերութեան ներկայացուցիչն է Համլեթ Ղուշչեանը, որ ուրախութիւն յայտնած է այսպիսի համահայկական մրցանակաբաշխութեան հովանաւորութիւնը ստանձնելուն համար:
«Հայակ» մրցանակաբաշխութեան պիտի մասնակցին եւ տարբեր անուանակարգերու մէջ պիտի մրցին վաւերագրական, փաստավաւերագրական, գեղարուեստական, այլ ուղղուածութեան երկար եւ կարճ ժապաւէններ: Կազմակերպիչները արդէն յայտարարած են դիմումներու ընդունման գործընթացի մասին` նշելով, որ անոնք պիտի ընդունուին մինչեւ 10 մարտ: Այս տարի մրցանակաբաշխութեան կրնան մասնակցիլ միայն 2012 թուականին արտադրուած ժապաւէնները, որոնք չեն ներկայացուած նախորդ մրցումին, նաեւ` 2013 թուականին արտադրուած բոլոր ժապաւէնները` առանց ոճային սահմանափակումներու: Մրցանակաբաշխութիւնը, նախորդ տարուան նման, պիտի ունենայ 15 անուանակարգ: Բանախօսները ընդգծած են, որ լաւագոյնները պիտի ընտրուին միայն առարկայական եւ անաչառ հիմքով:

