«Ազդակ»` Ութսունեօթը Տարիներու Ծառայութեան Ընդմէջէն. Լիբանանի Հայկական Դպրոցները
ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

Նոր Մարաշ (Պուրճ Համուտ) Ազգային Ս. Քառասնից Մանկանց վարժարանի նախակրթարանի նորակառոյց շէնքը
Լիբանանի հայկական գաղութը, կրթական գործի տեսակէտով, հաւանաբար ամէնէն լաւ կազմակերպուած գաղութը եղած է: Շնորհիւ երկրին մէջ տիրող կրթական կատարեալ ազատութեան, այս մարզին մէջ գաղութը աստիճանաբար յառաջդիմած է:
Լիբանանի մէջ գործող հայկական առաջին դպրոցը Սուրբ Նշան վարժարանն էր, Սուրբ Նշան եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ: Այնուհետեւ Պէյրութի տարբեր թաղերուն եւ քէմփերուն, Պուրճ Համուտի, Սին էլ Ֆիլի, ինչպէս նաեւ Թրիփոլիի, Զահլէի, Շթորայի, Ռայաքի, Այնճարի, Ալէյի, Պիքֆայայի եւ այլ շրջաններու մէջ դպրոցներ բացուեցան:
Հետագային, բնակչութեան տեղաշարժի եւ կարգ մը շրջաններէ հայութեան պարպումին հետեւանքով, շարք մը դպրոցներ փակուեցան, իսկ փոխարէնը այլ վարժարաններ բացուեցան Պէյրութի եւ շրջակայքին մէջ:
Լիբանանահայ վարժարանները մեծ մասամբ համայնքային են` ազգային, կաթողիկէ եւ աւետարանական: Մշակութային միութիւններ եւս դպրոցներ բացին: Անհատական նախաձեռնութեամբ եւս դպրոցներ բացուեցան:
***
«Ազդակ» տարբեր առիթներով, պարբերաբար անդրադարձած է լիբանանահայ վարժարաններուն եւ կրթական կեանքին:
«Ազդակ»-ի 5 փետրուար 1930-ի թիւով հաղորդած տուեալներուն համաձայն, Լիբանանի մէջ կը գործէին 15 հայ առաքելական, 8 կաթողիկէ եւ 6 աւետարանական վարժարաններ:
Իսկ 14 հոկտեմբեր 1932-ին «Ազդակ» կը գրէր.
«Կեդրոնական քէմփը (Ս. Խաչ վրանաքաղաք) փլցուելով ժողովուրդը հետզհետէ սկսաւ կեդրոնանալ Անդր Նահրի շրջանին մէջ, ուր արդէն գոյութիւն ունէր Սուրբ Լուսաւորիչ տախտակաշէն եկեղեցին, եւ անոր կից` Նուպարեան վարժարանը, նախակրթարանի եւ մանկապարտէզի բաժիններով, վարձուած հողի վրայ, ինչպէս նաեւ Սին էլ Ֆիլի մանկապարտէզը 20 վայրկեան հեռաւորութեան վրայ առաջինէն: Քէմփի ժողովուրդին Նահրի շրջանը խուժելով կարգ մը շահադէտներ իրենց միջոցաւ ծախած հողերը արժէքաւորելու եւ աւելի յաճախորդներ ունենալու համար սկսան ժողովուրդին յայտարարել, թէ եկեղեցւոյ եւ վարժարանի համար ձրիօրէն հող պիտի տրամադրեն: Այս խոստումներէն ոմանք թէպէտեւ չիրականացան, սակայն ամէն հողի վրայ սկսան վարժարաններ բացուիլ եւ այսպէսով անոնց թիւը հասաւ հինգի:
***
Լիբանանահայ վարժարաններուն անդրադառնալով «Ազդակ» 13 հոկտեմբեր 1939-ի թիւով կը գրէր.

Հայ աւետ. Ստեփան Փիլիպոսեան վարժարան
Լուսաւոր, արեւոտ, օդասուն սենեակներով դպրոցական շէնքեր չունինք: 28 ազգային նախակրթարան քիչիկ մը հանդուրժելի շէնք ունին, ինչպէս նաեւ Սուրբ Նշան վարժարանը եւ Նոր Հաճընի մանկապարտէզը: Լաւ է նաեւ Սին էլ Ֆիլի Արամեան նորակառոյց միայարկանի վարժարանը: Տանելի են նաեւ Լուսինեան վարժարանը, Աբգարեան, Ռուբինեան եւ Հայաշէնի ազգային վարժարանները: Լաւ շէնքեր ունին Ալէյի, Ժիպէյլի, Պիքֆայայի, Համմանայի, Թրիփոլիի եւ Զահլէի վարժարանները: Ասոնք կը պարունակեն շուրջ 2500 աշակերտ: Մնացեալները տախտակաշէն են:
Ձմրան ցուրտին, աշնանամուտի եւ գարնան տօթերուն կը տառապին մեր նիհարակազմ հազարներու հասնող երեխաները թիթեղներու անշնչելի տաքէն, ձմրան պաղ հովերէն եւ փոթորկախառն անձրեւներէն կամ շէնքերու յատակի անշնչելի փոշիէն: Այս վարժարաններու կարգին կը պատկանին Էշրեֆիէի, Նոր Մարաշի, Նուպարեան, Հայկազեան, Զահլէի (մանկապարտէզը), Թրիփոլիի (մանկապարտէզը), Ռայաքի, Պաալպէքի (կիսաքանդ աւերակ սենեակի մը մէջ եւ խմելու ջուր իսկ չունին), Սայտայի, Ժունիէի, Պաթրունի դպրոցները: Քսանութը վարժարաններէն 14-ը 2500-2600 աշակերտ-աշակերտուհիներով գլխաւորապէս մանկապարտէզ են, ինչ որ կը կազմէ Լիբանանի ազգային վարժարաններու աշակերտութեան 50 առ հարիւրը: Ունէին 166 ուսուցիչ-ուսուցչուհիներ: Ընդհանուր թիւ աշակերտութեան` 4929:
***
Լիբանանահայ ազգային վարժարաններուն մասին վիճակագրական տուեալներ փոխանցելով, «Ազդակ» 28 ապրիլ 1946-ի թիւով կը գրէր.
Լիբանանահայ թեմը 1945-ին ունէր 32 նախակրթարան եւ 25 մանկապարտէզ: Նախակրթարանի մէջ կային 1834 մանչեր եւ 1826 աղջիկներ, իսկ մանկապարտէզի մէջ` 1690 մանչ եւ 1532 աղջիկ, ընդամէնը` 6882 դպրոցականներ: Նախակրթարանները ունէին 110 ուսուցիչներ, 71 վարժուհիներ, իսկ մանկապարտէզը կը վարէին 79 մանկապարտիզպանուհիներ: Վարժարաններուն հետ նաեւ կապուած էին 28 տնտես-տնտեսուհիներ: Բոլոր այս հաստատութիւնները կը ղեկավարուէին 288 պաշտօնեաներով, որոնց դաստիարակութեան եւ հսկողութեան յանձնուած էին 6882 աշակերտներ:
***
Սկզբնական տարիներուն հայկական վարժարաններուն պարզած անմխիթար վիճակին անդրադառնալով «Ազդակ» կը գրէր.
Մեր վարժարանները, մասնաւորաբար սկիզբի օրերուն, շատ անմխիթար վիճակ մը կը ներկայացնէին: Մէկ կողմէ դասարաններուն պակասը, միւս կողմէ շէնքերու պակասը տիրող նիւթական տագնապին հետեւանքով հայ կրթական կազմակերպուած գործ գոյութիւն չունէր: Հայ ծնողներ դժբախտաբար կը նախընտրէին իրենց զաւակները ղրկել օտար վարժարաններ` ուսում ստանալու համար:
***
Լիբանանի մէջ կրթական գործին «Ազդակ» անդրադարձած է 1952-ի բացառիկի թիւով, ուր կը գրէ.
Կրթական գործի տեսակէտով ամէնէն բախտաւոր եւ թերեւս ամենալաւ կազմակերպուած գաղութը կարելի է նկատել մերը:
Շնորհիւ Լիբանանի մէջ տիրող կատարեալ ազատութեան եւ խորհրդարանական կարգերուն, մեր գաղութը կը վայելէ, այլ ազատութեանց կարգին, նաեւ կրթական ամենալայն ազատութիւն եւ տարուէ տարի աւելի հաստատուն հիմերու վրայ կը դնէ իր կրթական գործը: Այս մարզին մէջ գաղութը կը յառաջդիմէ աստիճանաբար, դանդաղօրէն, այլ ապահով քայլերով:
Առաջին հայ ազգային վարժարանները (առաքելական) հիմնուեցան այս երկրին մէջ Պէյրութ-քաղաքամասի, Թրիփոլիի եւ Ժունիէի մէջ, ինչպէս նաեւ հրկիզուած Վրանաքաղաքին մէջ` վրաններու տակ կամ փայտաշէն ու թիթեղածածուկ խեղճուկ յարկերու մէջ – որոնցմէ մի քանին դեռ, դժբախտաբար, կը շարունակեն իրենց ողբալի եւ մեր ժողովուրդին համար անպատուաբեր – գոյութիւնը հիւղաւանի վերապրող մնացորդներուն հետ (Քարանթինա, Թիրօ, Սանճաք):
Եթէ զանց առնենք այդ մի քանի ողբալի բացառութիւնները, որոնք վստահ ենք, թէ իրենց կարգին պիտի անհետին մի քանի տարիէն, ներկայիս ունինք ազգային վարժարաններու եւ երկրորդական վարժարաններու ընդարձակ ցանց մը, որ իր ներքին կազմակերպութեամբ, ուսուցչական կազմով, իր աշակերտութեան թիւով եւ ելեւմուտքով պատկառանք ու հիացում կրնայ ազդել միայն եւ կը փաստէ մեր ժողովուրդի կենսունակութիւնը, կրթասիրութիւնն ու շինարարութեան մշտավառ ոգին:
Լիբանանի թեմին մէջ գոյութիւն ունին`

40 տարեկան թիթեղաշէն Սահակեան վարժարանը
26 ազգային (առաքելական) նախակրթարաններ եւ բարձրագոյն վարժարաններ:
11 հայ աւետարանական նախակրթարաններ եւ բարձրագոյն վարժարաններ
12 հայ կաթողիկէ նախակրթարաններ եւ բարձրագոյն վարժարաններ
4 մասնաւոր երկրորդական վարժարաններ կամ քոլեճներ
Գումար` 53 հայ կրթարաններ:
Վերոյիշեալ 53 հայ կրթարաններուն մէջ կը պաշտօնավարեն մօտ 510 ուսուցիչ-ուսուցչուհիներ:
Ազգային վարժարանները, բարձրագոյն դպրոցներն ու քոլեճները յաճախող հայ աշակերտութեան ընդհանուր թիւը կը հասնի մօտ 11,000-ի: Իսկ անոնց կրթութեան համար ծախսուող տարեկան պիւտճէն մօտ 800,000 լիբ. ոսկի է:
Գալով հայ միւս համայնքներուն, հայ կաթողիկէներն ունին 12 վարժարաններ եւ բարձրագոյն վարժարաններ, 2100 աշակերտներով եւ 90 ուսուցիչ-ուսուցչուհիներով:
Իսկ հայ աւետարանական համայնքը ունի ընդամէնը 11 վարժարան կամ բարձրագոյն վարժարան, 1967 աշակերտներով եւ 105 ուսուցիչ-ուսուցչուհիներով: Համապատասխան կրթական պիւտճէներն են` հայ կաթողիկէներուն համար` 131,000 լ. ոսկի, իսկ հայ աւետարանականներուն համար` 150,700 լ. ո.:
Մեր երեք յարանուանութեանց պատկանող վերոյիշեալ 53 վարժարաններն ու քոլեճները յաճախող սոյն աւելի քան տասը հազար աշակերտներէն բացի, Պէյրութի, Թրիփոլիի, Ժիւնիէի եւ Զահլէի մէջ կան նաեւ քանի մը հազար հայ աշակերտ-աշակերտուհիներ, որոնք կը յաճախեն օտար (ֆրանսական, ամերիկեան, անգլիական, իտալական, լիբանանեան, եւ այլն) վարժարաններ, քոլեճներ եւ համալսարաններ եւ ամէնուրեք անոնք ձեռք կը բերեն խիստ փայլուն յաջողութիւններ: Դժբախտաբար մեզի համար անկարելի է ստուգել օտար վարժարան յաճախող հայ ուսանողներուն թիւը:
Մեր ազգային վարժարաններուն մեծագոյն մասը, շնորհիւ գաղութիս կրթասէր հայ ազգայիններուն եւ մանաւանդ ծնողներուն նիւթական մեծ զոհողութեանց, ունին իրենց սեփական կամ վարձու շէնքերը, քարաշէն, կրաղիւսէ (պեթոն) կամ փայտաշէն: Մեր դպրոցական շէնքերը տարուէ տարի կը բարելաւուին եւ կ՛օժտուին դպրոցական յարմարութիւններով:
Մեր ազգային վարժարանները (նախակրթարան եւ մանկապարտէզ) ընդհանրապէս հաստատուած են մեր թեմի զանազան քաղաքներուն եւ մասնաւորապէս Պէյրութի հայկական թաղամասերու եկեղեցիներու կողքին եւ ենթակայ են ազատ քուէարկութեամբ ընտրուած թաղական խորհուրդներու կամ այս վերջիններուն կողմէ նշանակուած հոգաբարձութիւններուն:
Թեմիս Պատ. գաւառական ժողովէն բխող ուսումնական խորհուրդը յատուկ ծրագիր-կանոնագրով մը կը տնօրինէ մեր ազգային վարժարաններուն կրթական ու վարչական գործերը եւ ուսուցչական կազմերու, տնօրէններուն կրթական պատասխանատու մարմիններուն փոխ-յարաբերութիւնները:
Մեր ազգային վարժարաններու կրթական մակարդակը վերջին 30 տարիներու ընթացքին տարուէ տարի աւելի բարձրացած է: Անոնք կը հասցնեն գիտակից ու հայրենասէր սերունդ մը: Մեր վարժարաններու հիմնական նպատակն է դարձեալ հայապահպանումը եւ այս երկրին – մեր սիրելի երկրորդ հայրենիքին` Լիբանանի – պատուաւոր, հաւատարիմ եւ օգտակար քաղաքացիներ պատրաստելու առաջադրութիւնը:
Միւս կողմէ, կարգ մը հայ վարժարաններ եւ քոլեճներ մասնաւոր ճիգ մը կը թափեն իրենց աւարտական դասարանները ներկայացնելու համար պաշտօնական քննութեանց (սերթիֆիքա, պրէօվէ, պաքալորէա), եւ պէտք է ըսել որ անոնցմէ ոմանք շատ փայլուն յաջողութիւններ ձեռք բերած են արդէն:
Ի հարկէ շատ բան կայ բարեփոխելիք տակաւին մեր ազգային վարժարաններուն եւ նոյնիսկ քոլեճներուն մէջ. մասնաւորաբար պէտք է բարելաւուի անոնց դպրոցական կահաւորումը (նստարաններ, եւլն.), պէտք է աւելի խնամքով կատարուի ուսուցիչներու ընտրութիւնը` հրաւիրելով մասնագէտ եւ կրթավարժ անձեր, օտար լեզուներու եւ յատկապէս արաբերէնի ուսուցումը պէտք է զօրացուի մեր կրթարաններէն ներս, մանկավարժական ամէնէն արդիական մեթոտները պէտք է կիրարկուին զանոնք յարմարցնելու հայկական միջավայրին ու պայմաններուն եւ վերջապէս ամենակարեւորը` պէտք է հայ ուսուցիչներու նիւթական վիճակը բարելաւուի: Այսուհանդերձ, մեր կրթական գործը հպարտանք միայն կրնայ պատճառել մեզի, մանաւանդ եթէ պահ մը մտաբերենք, որ մեր գաղութը Տէր Զօրի արհաւիրքներէն վերապրող թշուառ ու անտիրական խլեակներէն եւ որբերէն սերած սերունդէն կազմուած է, ենթարկուած է տնտեսական ու քաղաքական ցնցումներու (1930-ի տնտեսական տագնապը, Սանճագի պարպումը, 1939-1945-ի համաշխարհային պատերազմը, ներգաղթը, եւն.), եւ այդ վերիվայրումներուն մէջ եւ անոնց հակառակ, յաջողած է – ի գին մեծամեծ զոհողութեանց – մէջտեղ բերել ու կանգուն պահել զանոնք 30 տարիներէ ի վեր, այս օտար այլ հիւրընկալ ափերուն վրայ:
Մեր կրթական գործին նիւթական ու բարոյական ամբողջական բեռը կը ծանրանայ մեր ժողովուրդին, հայ կրթասէր ու միշտ զոհաբերուող հայ ծնողներուն վրայ: Պէտք չէ մոռնալ նաեւ նիւթական թանկագին նպաստը` մեր բարեգործական եւ մշակութային մեծ ու փոքր կազմակերպութիւններուն, Հայ օգնութեան խաչին (ՀՕԽ), Համազգային մշակութային ընկերութեան, ՀԲԸՄ-ին եւ զանազան հայրենակցական, տիկնանց ու աղքատասիրաց միութիւններուն եւ կրթասէր բարերարներուն, որոնք իրենց կրթական նպաստներով տեւաբար կ՛օժանդակեն մեր կրթարաններուն եւ կ՛երաշխաւորեն անոնց գոյութիւնը:
Արդար ըլլալու համար հոս պէտք է շեշտենք նաեւ, որ մեր կրթական գործին մեծագոյն տուրքը վճարողներն են մեր կրթական մշակները, որոնց անհուն զոհողութեանց շնորհիւ կանգուն կը մնան մեր վարժարանները: Անոնց մեծամասնութիւնը, ի գին աննշան ամսաթոշակներու, տարիներէ ի վեր օրինակելի նուիրումով կը պաշտօնավարէ մեր կրթական յարկերէն ներս, գաղափարական առողջ հայ նոր սերունդ մը պատրաստելու իտէալէն առաջնորդուած, գիտնալով հանդերձ որ նիւթական որեւէ վարձատրութեան պիտի չարժանանան իր ազգակերտ ճիգերը, եւ նիւթապէս անստոյգ ապագայ մը կը սպասէ հայ կրթական մշակին:
Որպէս եզրակացութիւն` կրնանք ըսել, թէ Լիբանան կրթական տեսակէտով Հայաստանէն վերջ հայութեան երկրորդ կրթական վառարանն է աշխարհի մէջ, իսկ սփիւռքի մէջ` առաջին գծի վրայ կու գայ իր աւելի քան 50 կրթարաններով` 500 հայ ուսուցիչներով եւ 12,000-ի հասնող հայ աշակերտութեամբ:
***
Լիբանանահայ կրթական հաստատութիւններուն մասին յօդուածով մը, 1964-1965-ի տարեշրջանի տուեալները նկատի ունենալով, «Ազդակ» 22 յունուար 1965-ի թիւով կը գրէր.
1964-1965 ուսումնական տարեշրջանին լիբանանահայ 64 կրթական հաստատութիւններուն մէջ կ՛ուսանէին 16,910 երկսեռ աշակերտներ, որոնց միայն 132-ը օտար, իսկ կը պաշտօնավարէին 1129 երկսեռ տնօրէն եւ ուսուցիչներ` պիւտճէ ունենալով շուրջ 4,500,000 լ. ոսկի:
Կրթական 53 հաստատութիւններ սեփական կալուածներ էին: Մեծամասնութիւնը արդիական լաւագոյն պայմաններու տակ գեղակերտ շէնքերով բազմամիլիոն լիբանանեան ոսկիի արժողութեամբ: Երեք դպրոցներ սեփականութիւն էին վարձու հողերու վրայ: Իսկ ութը դպրոցներ կը գտնուէին վարձու շէնքերու մէջ:
64 կրթական հաստատութիւններէն`
12 լրիւ երկրորդական վարժարաններ էին, ոմանք Բ. պաքալորիայի ծրագրով,
8 դպրոցներ (երեքը նորաբաց) թերի երկրորդական վարժարաններ էին,
5 վարժարաններ բարձրագոյն նախակրթարաններ էին պրըվէի ծրագրով,
31 դպրոցներ նախակրթարաններ էին սերթիֆիքայի ծրագրով,
8 դպրոցներ թերի-նախակրթարաններ:
Կրթական 62 հաստատութիւններ համայնքային դպրոցներ էին` պատկանելով մշակութային, կրօնական եւ բարեսիրական հաստատութիւններու: Միայն երկու դպրոցներ անհատական էին.
35 կը պատկանէին հայ առաքելական համայնքին,
18 հայ աւետարանական համայնքին,
11 հայ կաթողիկէ համայնքին:
Առաքելական
35 դպրոց, 9078 աշակերտ, 601 տնօրէն-ուսուցիչ:
Աւետարանական
18 դպրոց, 4440 աշակերտ, 312 տնօրէն-ուսուցիչ:
Կաթողիկէ
11 դպրոց:

