50 Տարի Առաջ (5 Մարտ 1964)

Տոմսեր

Ճշմարտութիւնը «Սովետ»-է՜ն Իմացիր…

Խորհրդային Միութեան Գիտութիւններու ակադեմիայէն փրոֆ. Պորիս Փորչնեւ վերջերս հաստատած է գոյութիւնը «զզուելի երեւոյթով ձիւնամարդ»-ու մը, առասպելական արարածի մը, որ Էվերեսթ լերան վրայ տեսնուած է առաջին անգամ 1921-ին: Գրեթէ բոլորովին ստեւներով ծածկուած, կապիկի նմանող այս «մարդ»-ը, սակայն, մարդաբաններու համաձայն, մեր նախահայրերէն մէկն է եւ կը կոչուի «Նինտերթալի մարդ»` անունովը Գերմանիոյ մէջ գտնուող հովիտի մը, ուր կ՛ապրէր անոր ցեղը թուականէս 75,000 տարի առաջ…

Ատեն մը միջազգային մամուլը իրմով զբաղեցնելէ ետք, մեր այս «նախահայրն» ալ մոռցուեցաւ (ո՞վ կը յիշէ իր մեծ հօր մեծ հայրը…): Սակայն ահա, խորհրդային գիտնական Փորչնեւ կը յայտարարէ, թէ մեր «նախահայրը» երեւան եկած է դարձեալ Տաղստանի լեռներուն վրայ:

Խորհրդայինները ձերբակալած են զայն` իբրեւ… «օտար պետութեան գործակալ»:

Եւ հետեւեալ հարցաքննութիւնը տեղի ունեցած է.

– Ձեր անո՞ւնը:

– Ինտրա՛, փոթորիկի աստուած:

– Ձեր կի՞նը:

– Ռիթա՛, յաւիտենական օրէնքի աստուածուհին: Լեռներու վրայ միշտ իրեն կ՛ենթարկուինք:

– Քաղաքներու մէջ ալ նոյն բանն է… Կը փափաքի՞ք խորհրդային քաղաքացի դառնալ:

– Լսած ենք, որ դուք մարդոց ազատութիւնը կը կաշկանդէք: Հացի պակասն ալ զգալի է եղեր:

– Կ՛ուզէ՞ք Ամերիկա գաղթել:

– Ձուլման վտանգ կայ հոն, կ՛ըսեն, եւ այնտեղ ալ չենք կրնար ցեղային մեր նկարագիրը պահպանել:

– Ուրեմն, Արեւմտեան Եւրոպա անցէք:

– Պատերազմի վտանգ կայ` կ՛ըսեն: Քսան տարին անգամ մը կը կռուին:

– Ափրիկէ գացէք…

– Հոն ալ խաղաղութի՜ւն չկայ: Կը նախընտրենք մեր լեռները մնալ` սպասելով լաւագոյն օրերու…

Ու ազատ կը թողուն նախամարդը` որ այդ օրէն ի վեր, լեռներուն վրայ նստած, կը սպասէ քաղաքակիրթ աշխարհի լաւ օրերուն… եօթանասունհինգ հազար տարիէ ի վեր:

ԳԻՍԱՒՈՐ

 

«Կիւլպէնկեան» Հիմնարկութիւնը Հարիւր
Բնակարաններ Պիտի Շինէ
Քարանթինայի Հայերուն Համար

Միացեալ ազգերու գաղթականներու բարձր քոմիսէր իշխան Սարրուտտին Խան, որ կիրակի իրիկուն Պէյրութ ժամանեց, մամլոյ գործակալութեան մը հաղորդեց, թէ իր այցելութեան նպատակն է լիբանանցի պատասխանատուներուն հետ ուսումնասիրել Քարանթինայի հիւղաւաններուն մէջ ապրող հայ ընտանիքներու համար հարիւրի մօտ բնակարաններու շինութիւնը:

 

 

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES