Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ)
Ձեր աշխատանքին վերաբերեալ ծաղկումի շրջան մը կը սկսի, հետեւաբար ուշադիր եղէք ստեղծուած դրական փոփոխութիւններուն, որպէսզի օգտուիք:
ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Պիտի ունենաք հրապարակային արտայայտութիւն մը` օգտագործելով ձեր բնական հմայքը, ձեր շնորհքն ու կարելիութիւնները: Օրը յաջող է:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Ձեր աշխատանքին մէջ պիտի շրջանցէք կարեւոր հանգրուան մը` ձեզի պարգեւելով մտային եւ հոգեկան հանդարտութիւն: Կրնաք պտոյտ մը կատարել:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Այցելութիւն մը տալով ձեր բարեկամներուն` ձեզմէ պիտի հեռացնէք մտահոգութիւնները: Մի՛ մեկուսանաք ընկերային կեանքէն, կ՛օգտուիք:
ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Օրը յարմար չէ ձեր որոշած աշխատանքները կատարելու, ուրեմն հարկ է համբերէք, որպէսզի կացութիւնը քիչ մը բարելաւուի: Մի՛ մտահոգուիք:
ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Ձեր յիշողութիւնը պիտի օգնէ ձեզի, որպէսզի կարենաք դժուար կարծուած հարց մը լուծել: Ձեր գիտելիքները պիտի օգնեն ձեզի, պիտի յաջողիք:
ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Վճարեցէք ձեր պարտքերը, որպէսզի հանգստանաք մտքով, ձեր հոգեկանը ուրախ մնայ: Սթրեսը կը հեռանայ ձեզմէ: Հետեւեցէք ձեր խղճին ձայնին:
ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Կարեւոր համաձայնագիր մը պիտի կնքէք` ստորագրելով ամենայն ուրախութեամբ: Այս իրողութիւնը պիտի բարձրացնէ ձեր տրամադրութիւնը:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Կրնաք լաւ խրատ մը տալ ձեր շուրջիններուն, եթէ ունիք լաւ փորձառութիւն` ձեր անցեալէն քաղուած: Հիմնուեցէք ձեր իմաստութեան վրայ:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Եթէ ամուրի էք, ուշադիր եղէք ստեղծուելիք փոփոխութեան: Ճկուն եղէք, որպէսզի կարենաք յաղթահարել ձեր վարանոտ վիճակը: Կրնաք յաջողիլ:
ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Ոեւէ մէկուն հետ կատակով կամ զայն ձեռք առնելով մի՛ վարուիք: Ոչ ոքի զգացումները վիրաւորեցէք, անկեղծ վարուեցէք:
ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Եթէ գործ փնտռող էք, օրը նպաստաւոր է: Կրնաք յաջողիլ: Եղէք քիչ խօսող, մտիկ ընող: Այս կեցուածքը նկատի կ՛առնուի խօսակիցէն:

