Աշոտեան Մեկնեցաւ Լեռնային Ղարաբաղ

Հայաստանի կրթութեան եւ գիտութեան նախարար Արմէն Աշոտեան երէկ երկօրեայ աշխատանքային այցելութիւն տուաւ Լեռնային Ղարաբաղ:

Այցելութեան շրջագիծին մէջ նախատեսուած են հանդիպումներ Լեռնային Ղարաբաղի ղեկավարներուն հետ, մասնակցութիւն Ղարաբաղի Ազգային ժողովին մէջ աւագ դպրոցներու նիւթով խորհրդարանական քննարկումներուն, այցելութիւն Արցախի պետական համալսարան եւ հանդիպումներ դասախօսական կազմին եւ ուսանողներուն հետ:

Նախատեսուած է նաեւ համագործակցութեան համաձայնագիրի ստորագրում Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութիւններուն միջեւ:

Share this Article
CATEGORIES