«Լեռնային Ղարաբաղի Հարցին Մէջ Հայաստանի Մօտեցումները Կը Վայելեն Միջազգային Հանրութեան Աջակցութիւնը» Կ՛ըսէ Էդուարդ Նալբանդեան

Էդուարդ Նալբանդեան
Հայաստանի Հանրապետութեան դիւանագէտի օրուան առիթով ուղղած իր խօսքին մէջ արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան նշեց, որ Ղարաբաղեան հիմնախնդիրի լուծման ուղղութեամբ Հայաստան ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներուն հետ միացեալ ջանքեր կը գործադրէ` հիմնահարցի բացառապէս խաղաղ, միջազգային իրաւունքի սկզբունքներուն եւ չափանիշներուն հիման վրայ լուծման վերաբերեալ: Նախարար Նալբանդեան վստահեցուց, որ Մինսքի խմբակի համանախագահող երկիրներու ղեկավարներուն հինգ միացեալ յայտարարութիւնները Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման վերաբերեալ կը վկայեն, որ Հայաստանի մօտեցումները ոչ միայն ըմբռնելի են, այլ նաեւ կը վայելեն միջազգային հանրութեան աջակցութիւնը:
Անդրադառնալով Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման խնդիրին` Նալբանդեան նշեց հետեւեալը. «Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի նախաշեմին մեր դիւանագիտութիւնը հետամուտ է անոր` իբրեւ մարդկութեան դէմ իրականացուած ծանրագոյն ոճիրի միջազգային ճանաչման եւ դատապարտման: Հայաստանը միջազգային բեմահարթակին վրայ հետեւողականօրէն կը բարձրաձայնէ մարդկութեան դէմ նմանատիպ ոճիրներու կանխարգիլման անհրաժեշտութիւնը, կը կատարէ համապատասխան նախաձեռնութիւններ, ինչպէս ատիկա եղաւ անցեալ տարի Ժընեւի մէջ ՄԱԿ-ի Մարդկային իրաւունքներու խորհուրդի նստաշրջանին փոխզիջումով մեր նախաձեռնութեամբ առաջադրուած ցեղասպանութեան կանխարգիլման վերաբերեալ բանաձեւի ընդունումը»:
Մաքսային միութեան Հայաստանի անդամակցութեան հոլովոյթին առնչութեամբ Էդուարդ Նալբանդեան յայտնեց, որ 2013 թուականը յատկանշուեցաւ Մաքսային միութեան Հայաստանի Հանրապետութեան միանալու որոշումով, որ կը բխի Հայաստանի տնտեսական եւ ռազմավարական շահերէն: Ան շեշտեց, որ Հայաստանը եւ Եւրոպական Միութիւնը վերահաստատեցին փոխադարձ հետաքրքրութիւն ներկայացնող բոլոր հաւանական մարզերուն մէջ համապարփակ համագործակցութիւնը զարգացնելու եւ ամրապնդելու յանձնառութիւնը:
«Հայաստան հետեւողական ջանքեր կը գործադրէ սերտացնելու իր ռազմավարական դաշնակցային յարաբերութիւնները Ռուսիոյ հետ, զարգացնելու բարեկամական գործընկերութիւնը Միացեալ Նահանգներու հետ, խորացնելու փոխադարձ գործակցութիւնը եւրոպական, ասիական երկիրներուն հետ, ընդլայնելու փոխադարձ յարաբերութիւններու աշխարհագրութիւնը», յայտարարեց Էդուարդ Նալբանդեան:
«Մեր դիւանագիտութիւնը կեդրոնացած է տնտեսական, մշակութային, մարդկային կապերու զարգացման, խորհրդարանական դիւանագիտութեան օժանդակումին, Հայաստան-սփիւռք կապերու ամրապնդման, ապակեդրոնացեալ համագործակցութեան զարգացման, արտերկրի մէջ հայկական պատմամշակութային ժառանգութեան պահպանման, տարբեր երկիրներու մէջ բնակող մեր քաղաքացիներու շահերու պաշտպանութեան, յատկապէս ճգնաժամային իրավիճակներու մէջ յայտնուած մեր հայրենակիցներու սատարման հարցերուն վրայ»: Նախարար Նալբանդեան աւելցուց, որ «այսօր Սուրիոյ մէջ պատերազմի պայմաններուն մէջ աշխատող կամ տարբեր հարթակներու վրայ մեր երկրի շահերուն վնասող տարաբնոյթ փորձերուն հակազդող, մեր հայրենիքի դրօշը բարձր պահող դիւանագէտները դիւանագիտական ծառայութեան համակարգի այն դերակատարներն են, առանց որոնց այս համակարգը կուռ եւ կանգուն չ՛ըլլար»:

