Գերմանիա. Յովհաննիսեան Հանդիպումներ Ունեցաւ Գերմանիոյ Թեմի Առաջնորդին Եւ Գերմանահայոց Կեդրոնական Խորհուրդի Վարչութեան Հետ

28 փետրուարին եւ 1 մարտին Գերմանիոյ մէջ Հայաստանի դեսպան Վահան Յովհաննիսեան հանդիպում ունեցաւ Քէօլնի մէջ Հայ առաքելական եկեղեցւոյ Գերմանիոյ թեմի առաջնորդ Գարեգին արք. Պեքճեանի եւ թեմական խորհուրդի անդամներուն հետ:
Դեսպանը նաեւ շարք մը հանդիպումներ ունեցաւ Գերմանիոյ հայկական համայնքներու եւ կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներուն հետ:
Ան նաեւ մասնակցեցաւ Գերմանահայոց կեդրոնական խորհուրդի նորընտիր վարչութեան առաջին նիստին:
Քննարկուեցան Գերմանահայոց կեդրոնական խորհուրդի եւ Հայաստանի դեսպանութեան համագործակցութեան հաւանական հեռանկարները:

