Ազրպէյճանական Սեւ Քարոզչութիւնը Գահիրէի Մէջ Հակազդեցութեան Հանդիպեցաւ

Karabakh-Arabic-672x372Ինչպէս աշխարհի տարբեր անկիւններուն մէջ, նոյնպէս ալ Գահիրէի մէջ ազրպէյճանական պետական քարոզչամեքենան փորձած է առաւելագոյնս օգտագործել Խոջալուի ազրպէյճանական ձեռակերտ ողբերգութիւնը: Արդարեւ, անցեալ չորեքշաբթի, 26 փետրուարին, «Ահրամ» լրագրական հաստատութեան յարկին տակ, Գահիրէի ազրպէյճանական դեսպանատան թաքուն աջակցութեամբ եւ քաջալերանքով կազմակերպուած է քննարկումը քարոզչական զեկուցումի մը` «Փոքրամասնութիւններու իրաւական վիճակը միջազգային տագնապներուն մէջ. Լեռնային Ղարաբաղի պարագայի ուսումնասիրութիւն» նիւթով, զոր ներկայացուցած է քաղաքական եւ տեղեկատուական ուսումնասիրութիւններու «Հիուար» կեդրոնի փոքրամասնութիւններու բաժանմունքի պետ, Շուրայի նախկին` ցրուած խորհուրդի անդամ Էմատ Մահտի:

Հակահայ, պատմական փաստերը գլխիվայր շրջած բովանդակութեամբ զեկուցումին ընթացքին մեկնաբանութեամբ հանդէս եկած է միջազգային իրաւունքի դասախօս դոկտ. Սայէտ Ապուլ Խէյր, մինչ զրոյցը վարած է «Տիմոքրաթէյա» հանդէսի խմբագրապետ Պեշիր Ապտել Ֆաթթահ: Հաւաքին ներկայ գտնուած են Գահիրէի ազրպէյճանական դեսպանատան անձնակազմը` գլխաւորութեամբ դեսպան Շահին Ապտալլայեւի, ազգային կարգ մը թերթերու խմբագրապետեր, Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանութեան եւ հայ համայնքի ներկայացուցիչներ:

Արդարեւ, ինչպէս հաղորդեց տեղւոյն Հայ դատի յանձնախումբի պատասխանատուներէն բժ. Արմէն Մազլումեան, նախօրօք տեղեկանալով այս մասին, աշխատանք տարուած է հայկական մասնակցութիւն ապահովելու այդ ձեռնարկին, որ գրեթէ փակ եղած է: Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատան ներկայացուցիչի` կցորդ Վարդգէս Յովսէփեանի կողքին սոյն հաւաքին ներկայ գտնուած եւ ազրպէյճանցիներու համար անակնկալ կերպով մերկացուցիչ լուսաբանական խօսքով հանդէս եկած են ՀԲԸՄ-ի Եգիպտոսի շրջանակային վարչութեան ատենապետ Պերճ Թերզեան եւ եգիպտացի ծանօթ պատմաբան Մոհամետ Ռեֆաաթ Իմամ: Աւելի՛ն, անոնք արաբերէն եւ անգլերէն գիրք ալ բաժնած են` Ղարաբաղի եւ Սումկայիթի մասին:

Բժ. Ա. Մազլումեան իր հաղորդման աւարտին նշած է, որ «յաջողութեամբ պսակուած այս հակահարուածը կը պարտինք եւ արդիւնքն է տարիներով մեր կազմած ցանցին ու համագործակցական վճռական ոգիին»:

 

 

Share this Article
CATEGORIES