Հայ Ազգային Քոնկրեսի Հանրահաւաքին Ընթացքին. Տէր Պետրոսեան Անհրաժեշտ Կը Նկատէ Մշակել Խաղաղ Իշխանափոխութեան Ճամբու Քարտէս Մը

Լեւոն Տէր Պետրոսեան
Մարտ 1-ի ողբերգական դէպքերուն 6-րդ տարելիցին առիթով անցեալ շաբաթ օր ընդդիմադիր Հայ ազգային քոնկրեսը Երեւանի Ազատութեան հրապարակին վրայ կազմակերպեց բազմամարդ հանրահաւաք մը, Հայ ազգային քոնկրեսի առաջնորդ, առաջին նախագահ Լեւոն Տէր Պետրոսեան Ազատութեան հրապարակին վրայ խօսք առնելով յայտարարեց, որ պետական վարչամեքենայի որոշ շերտեր, ինչպէս նաեւ մեծ գործարարներու առանձին ներկայացուցիչներ աստիճանաբար կը հակին արմատական փոփոխութիւններու իրականացման մտքին: Ան հանրահաւաքի հարթակէն հնչեցուց Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութեան առաջնորդ Գագիկ Ծառուկեանի անունը:
Ըստ Տէր Պետրոսեանի, այս շերտերուն այս կամ այն չափի մասնակցութիւնը համաժողովրդական պայքարին կրնայ վճռական դեր խաղալ իշխանափոխութեան հոլովոյթին մէջ: «Ինչպէս ատիկա տեղի ունեցաւ, ըսենք, Վրաստանի եւ Ուքրանիոյ մէջ: Այս առումով յատկանշական պէտք է նկատել Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութեան վերջին համագումարին Գագիկ Ծառուկեանի պատգամները: Թերահաւատութեան անխուսափելի արձագանգներուն պէտք է միանգամընդմիշտ հակադարձեմ. ինչո՞վ Ծառուկեան պակաս է Իվանիշվիլիէն (որ յաջողեցաւ, շնորհիւ Սահակաշվիլիի խոհեմութեան, փափուկ իշխանափոխութիւն իրականացնել)», ընդգծեց Լեւոն Տէր Պետրոսեան:
Հայ ազգային քոնկրեսի առաջնորդը յայտնեց, որ խորհրդարանի ոչ իշխանական չորս խմբակցութիւնները, կամ ինչպէս ընդդիմադիր առաջնորդը ձեւակերպեց, «հրաշալի քառեակ»-ը պէտք է մշակէ խաղաղ իշխանափոխութեան ճամբու քարտէզը, եւ այդ ուղղութեամբ առաջին քայլերը, ըստ Քոնկրեսի առաջնորդին, կարծես թէ արդէն կը կատարուին: Տէր Պետրոսեան նշեց, որ Քոնկրեսը կը ձգտի ամբողջական իշխանափոխութեան` արտակարգ նախագահական եւ խորհրդարանական ընտրութիւններու միջոցով, միաժամանակ գիտակցելով, որ այդ նպատակին կարելի չէ առանձին հասնիլ, քանի որ անոր համար անհրաժեշտ են միւս քաղաքական ուժերուն աջակցութիւնը:
«Վերջիններս, սակայն, հակուած են փուլային, հանգրուանային լուծման, այսինքն` նախ պարտադրել կառավարութեան հրաժարականը եւ անկէ ետք միայն մտածել նախագահական եւ խորհրդարանական ընտրութիւններու մասին: Հասարակութեան եւ քաղաքական ուժերու ճնշման տակ տեղի ունեցող որեւէ փոփոխութիւն դրական դիտելով` Քոնկրեսը այս մօտեցումն ալ ընդունելի կը նկատէ, եւ երբեք չյաւակնելով յառաջատարի դերին, պատրաստ է, յանուն համերաշխութեան, իր ամբողջ կարողութեամբ համագործակցելու միւս ուժերուն հետ` կառավարութեան հրաժարականին հասնելու համար: Միաժամանակ անհրաժեշտ կը նկատեմ յայտարարել, որ Քոնկրեսը ոչ մէկ պարագայի մտադիր է մաս կազմել Սերժ Սարգսեանի ձեւաւորած որեւէ կառավարութեան, անկախ անկէ, թէ ինչպիսի պաշտօններ մեզի կ՛առաջարկեն», ըսաւ ան:
Իր խօսքին մէջ Լեւոն Տէր Պետրոսեան ընդգծեց, որ Մաքսային միութեան Հայաստանի անդամակցութիւնը այլեւս անշրջելի է, իսկ եւրոպական համարկումը` տեսանելի ապագային անկարելի:
«Այս իրողութեան հաստատումով, ինքնաբերաբար, կը տրուի նաեւ մեր դրած հարցումին պատասխանը, այն է` Հայաստան այսօր կանգնած է Մաքսային միութեան մէջ այնպիսի արժանապատիւ իշխանութեամբ ներկայանալու խնդիրին առջեւ, որ թէ՛ երկրին մէջ, թէ՛ արտաքին աշխարհին մէջ վայելած յարգանքի ու վստահութեան շնորհիւ, ի վիճակի է այդ միութեան ընձեռած կարելիութիւնները առաւելագոյնս ծառայեցնելու մեր ազգային շահերուն, իսկ բացասական անդրադարձումները` հասցնելու նուազագոյնի: Ուրիշ խնդիր չկայ այսօր», ընդգծեց ան:

