Արեւմտահայերէնը Ֆրանսայի Պետութեան Կողմէ Ուշադրութեան Կ՛արժանանայ

Օրելի Ֆիլիփեթի
Ֆրանսայի մշակոյթի նախարար Օրելի Ֆիլիփեթի «էքսփրես» պարբերաթերթին մէջ 29 յունուար 2014-ին լոյս տեսած հարցազրոյցի մը մէջ կ՛անդրադառնայ Շրջանային կամ փոքրամասնութեանց լեզուներու եւրոպական ուխտի վաւերացման հարցին:
Պատասխանելով այն հարցումին, թէ «ներգաղթեալներու լեզուները ուխտէն պիտի ազդուի՞ն», նախարարը կը նշէ.«Ո՛չ, ուխտը ներգաղթեալներու լեզուներուն բացարձակապէս չի վերաբերիր: Սակայն 1999-ին մենք «Ֆրանսայի լեզուներ» մտայղացքը սահմանեցինք: Ատիկա չի ներառեր իտալերէնը կամ փորթուգալերէնը, որոնք վտանգուած լեզուներ չեն, սակայն նկատի կ՛ունենայ լեզուներ, որոնք իրենց ծննդեան երկրին մէջ պաշտօնական լեզուի կարգավիճակ չունին: Անոնք նաեւ խոցելի են, եւ անոնց պահպանումը կարեւոր է: Այսուհանդերձ, որդեգրուած 39 միջոցառումները բոլոր լեզուներուն պարագային պէտք է կիրարկուին»:
Ֆրանսայի մշակոյթի նախարարը նշեց այդ լեզուները. «Արաբերէն բարբառը, որ տարբեր է դասական արաբերէնէն, որ միայն պաշտօնական լեզուի կարգավիճակ ունի, պերպերերէնը, գնչուներու լեզուն, արեւմտահայերէնը, եիտիշերէնը(գերմաներէնի եւ եբրայերէնի խառնուրդ բարբառ մը. «Ա.») եւ հրէա-սպաներէնը»:

