Նախարարական Յանձնախումբի Յաջորդ Նիստը` Ուրբաթ, 7 Մարտին

Յանձնախումբի նիստէն պահ մը

Յանձնախումբի նիստէն պահ մը

Վարչապետ Թամմամ Սալամ երէկ երեկոյեան ժամը 7:00-ին, վարչապետարանին մէջ նախագահեց կառավարութեան աշխատանքային ծրագիրը մշակող յանձնախումբին ութերորդ նիստին, որուն ներկայ գտնուեցան նախարարներ Պութրոս Հարպ, Մոհամետ Ֆընէյշ, Ալի Հասան Խալիլ, Ուաէլ Ապու Ֆաուր, Ժըպրան Պասիլ, Սըժաան Քազզի եւ Նուհատ Մաշնուք:

Մէկ ժամ տեւած նիստէն ետք, որոշուեցաւ նախարարական յանձնախումբին յաջորդ նիստը գումարել ուրբաթ, 7 մարտ 2014-ին, կէսօրէ ետք ժամը 3:00-ին:

Միւս կողմէ, վարչապետ Սալամ երէկ վարչապետարանին մէջ ընդունեց Կեդրոնական դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէն, որուն հետ քննարկեց երկրին ելեւմտական եւ տնտեսական իրադարձութիւնները:

Վարչապետ Սալամի այցելեց նաեւ տնտեսութեան եւ առեւտուրի նախարար Ալեն Հաքիմ, որ յայտնեց, թէ վարչապետին հետ քննարկած է տնտեսութեան նախարարութեան վերաբերող հարցեր:

Հաքիմ ըսաւ, որ վարչապետէն խնդրած է երկրին տնտեսական իրավիճակին մասին անդրադարձ մը ներառել կառավարութեան աշխատանքային ծրագիրին մէջ, «սակայն անշուշտ նախապատուութիւնը կ՛երթայ երկրին քաղաքական հարցերուն լուծման»:

Share this Article
CATEGORIES