Նախագահ Սլէյման Վարչապետ Սալամի Հետ Քննարկեց Կառավարութեան Աշխատանքային Ծրագիրին Վերաբերող Հարցեր

Նախագահ Սլէյման եւ զօր. Քահուաժի

Նախագահ Սլէյման եւ զօր. Քահուաժի

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ կէսօրէ ետք ընդունեց վարչապետ Թամմամ Սալամը, որուն հետ քննարկեց կառավարութեան աշխատանքային ծրագիրին վերաբերող հարցեր:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան նաեւ լիբանանեան քաղաքական բեմը յուզող հարցերը:

Միւս կողմէ, նախագահ Սլէյման Մեծ պահքի սկզբնաւորութեան առիթով կոչ ուղղեց, որ Պահքի շրջանին տիրող միասնականութիւնը իր ազդեցութիւնը ունենայ նաեւ լիբանանեան ազգային միասնականութեան վրայ, որպէսզի կարելի ըլլայ Լիբանանին սպառնացող վտանգներուն դէմ դնել:

Պաապտայի մէջ նախագահ Սլէյման ընդունեց լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժին, որուն հետ քննարկեց երկրին ապահովական իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ բանակին կարիքներն ու զանոնք ամբողջացնելու իմաստով պատրաստուած զինամթերքի ցանկը:

Նախագահական պալատի այցելուներէն եղան նաեւ նախկին նախարարներ Նազեմ Խուրի, Ֆայեզ Ղոսըն, Լէյլա Սոլհ-Համատէ եւ Պետական անվտանգութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ժորժ Քարաա:

Դատապարտումի Ալիք

Միւս կողմէ, նախագահ Սլէյմանի նկատմամբ զօրակցական կեցուածքները շարունակուեցան` մերթ դատապարտելով եւ մերթ անտեղի նկատելով Հըզպալլայի կողմէ անոր դէմ կատարուած յայտարարութիւնները:

Փոխվարչապետ, պաշտպանութեան նախարար Սամիր Մուքպել յայտնեց, որ նախագահ Սլէյմանի դէմ կատարուած ցեխարձակումները խիստ մերժելի են:

Ան աւելցուց, որ նման յայտարարութիւններ փոխադարձ գործակցութեան հիմքերէն շեղում կը նկատուին:

Աշխատանքի նախարար Սըժաան Քազզի յայտնեց, որ նախագահ Սլէյմանի դէմ կատարուած յարձակումը կը բարդացնէ փոխադարձ համաձայնութիւն գոյացնելու ուղին:

Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ ընդգծեց, որ նախագահ Սլէյմանի կատարած յայտարարութիւնը անկեղծ արտայայտութիւնն է լիբանանցիներուն մեծամասնութեան, որոնք սկսած են պժգալ Հըզպալլայի վարուելակերպէն:

Երեսփոխան Մարուան Համատէ հաստատեց, որ նախագահ Սլէյմանի դէմ  Հըզպալլայի կատարած անարգ յարձակումը թիրախ դարձուցած է ամբողջ Լիբանանը:

Share this Article
CATEGORIES