Դեսպան Քոչարեան Այցելեց Վարչապետ Սալամի

Դեսպան Քոչարեան եւ վարչապետ Սալամ
Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Աշոտ Քոչարեան երէկ այցելեց վարչապետ Թամմամ Սալամի, որուն փոխանցեց Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Տիգրան Սարգսեանի ջերմ շնորհաւորութիւնները` նոր կառավարութեան կազմութեան առիթով:
Քննարկուեցան հայ-լիբանանեան բարեկամական յարաբերութիւնները, համագործակցութիւնը ընդլայնելու հեռանկարները, մասնաւորապէս առեւտրական, տնտեսական եւ զբօսաշրջութեան մարզերուն մէջ:
Վարչապետ Սալամ եւ դեսպան Քոչարեան բարձր գնահատեցին երկկողմանի քաղաքական յարաբերութիւններուն ներկայ մակարդակը, ինչպէս նաեւ անհրաժեշտ նկատեցին բարձրաստիճան պատուիրակութիւններու փոխադարձ այցելութիւններու շարունակականութիւնն ու գործարար շրջանակներու հանդիպումներուն եւ համաժողովներուն կազմակերպումը:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան նաեւ լիբանանեան ներքին քաղաքական իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ բարձր գնահատուեցաւ Լիբանանի բարգաւաճման մէջ լիբանանահայութեան շինիչ դերակատարութիւնը:

