Պըրրի Կը Հաստատէ Դիմադրութեան Իր Կառչածութիւնը

Պու Սաապ եւ Պըրրի

Պու Սաապ եւ Պըրրի

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց կրթութեան եւ բարձրագոյն ուսման նախարար Էլիաս Պու Սաապը, որ խստիւ դատապարտեց խորհրդարանի նախագահը սպանութեան թիրախ դարձնելու ծրագիրը:

Պու Սաապ մաղթեց, որ կառավարութեան աշխատանքային ծրագիրը կարելի ըլլայ արագօրէն մշակել, որպէսզի կարելի ըլլայ յաջորդող ամիսներուն ընթացքին աշխատիլ:

Պու Սաապ բարձր գնահատեց կառավարութեան կազմութեան առումով Պըրրիի թափած ջանքերը եւ մաղթեց, որ նախարարաց խորհուրդը մօտիկ ապագային ստանայ խորհրդարանին վստահութեան քուէն եւ ծառայէ լիբանանցիներուն:

Պըրրիի այցելեց նաեւ երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար Ապտել Մութթալեպ Հըննաուի, որ քննարկեց նախարարութեան վերաբերող հարցեր, ինչպէս նաեւ Լիբանանի մէջ տիրող իրավիճակը:

Պըրրիի այցելեց նաեւ նախկին նախարար Ֆայեզ Ղոսըն, որ քննարկեց լիբանանեան ներքին քաղաքական բեմը յուզող հարցեր:

Պըրրիի այցելուներէն եղաւ Լիբանանի մէջ Իտալիոյ դեսպան Ճիուզեփէ Մորապեթօ: Քննարկուեցան լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները:

Նշենք, որ Պըրրի իր ունեցած հարցազրոյցներուն ընթացքին շեշտեց, որ ինք կառչած կը մնայ կառավարութեան աշխատանքային ծրագիրին մէջ Դիմադրութեան եզրին նշումին` աւելցնելով, որ եթէ նախապէս ընդունած ըլլային առաջարկուածը, ապա ո՛չ հարաւային Լիբանան եւ ո՛չ ալ Լիբանան կը մնար:

«Լիբանանը տակաւին Դիմադրութեան կարիք ունի, եւ պէտք է գիտակցիլ անոր կարեւորութեան», նշեց ան:

Share this Article
CATEGORIES