Ժրայսաթի. «Իր Կազմութենէն 30 Օր Ետք Խորհրդարանին Վստահութեան Քուէն Չստանալու Պարագային, Կառավարութիւնը Հրաժարած Կը Նկատուի»
Նախկին նախարար Սելիմ Ժրայսաթի երէկ յայտնեց, որ կառավարութեան աշխատանքային ծրագիրը նախարարաց խորհուրդի իրականացնելիք գործունէութիւնն է, որուն հիման վրայ կառավարութիւնը խորհրդարանի վստահութեան քուէն կը ստանայ, սակայն այդ ծրագիրը սահմանադրութեան ներկայացուցած արժէքը կամ զօրութիւնը չէ որ կը ներկայացնէ:
«Իր կազմութենէն 30 օր ետք խորհրդարանին վստահութեան քուէն չստանալու պարագային, կառավարութիւնը հրաժարած կը նկատուի եւ կը մնայ ընթացիկ աշխատանքներու կառավարութեան սահմաններուն մէջ, մինչեւ նոր կառավարութեան մը կազմութիւնը», ըսաւ Ժրայսաթի` աւելցնելով, որ նման պարագայի մը կառավարութիւնը չի կրնար հանրապետութեան նախագահին լիազօրութիւնները կիրարկել, որովհետեւ անիկա խորհրդարանին վստահութեան քուէին չէ արժանացած:
CATEGORIES Լիբանանեան

