Զօր. Աուն Ընդունեց Միացեալ Նահանգներու Եւ Սուրիոյ Դեսպանները
Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն երէկ Ռապիէի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Սուրիոյ դեսպան Ալի Ապտել Քերիմ Ալին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները:
Հանդիպումէն ետք դեսպան Ալի շեշտեց, որ իրենց համար ահաբեկչութեան դէմ պայքարը առաջնահերթութիւն է` աւելցնելով, որ Դիմադրութիւնը Լիբանանի ապահովութիւնը կ՛երաշխաւորէ:
Զօր. Աուն ընդունեց նաեւ Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Տէյվիտ Հէյլը, որ դարձաւ Ռապիէի ճաշի հիւրը:
CATEGORIES Լիբանանեան

