Պասիլ Մորապեթոյի Հետ Քննարկեց Փարիզի Խորհրդաժողովին Կապուած Հարցեր
Արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Ժըպրան Պասիլ երէկ Պուսթրոս պալատին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Իտալիոյ դեսպան Ճիուզեփէ Մորապեթոն, որուն հետ քննարկեց Փարիզի խորհրդաժողովին կապուած հարցեր:
Հանդիպումէն ետք Պասիլ յայտնեց, որ Իտալիա յանձնառու կը մնայ լիբանանեան բանակին հզօրացման եւ Լիբանանի ապահովական կայունութեան պահպանումին` ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն մասնակցութեան ընդմէջէն:
Պասիլի այցելեց նաեւ Լիբանանի մէջ գաղթականներու հարցերու բարձրագոյն յանձնակատար Նենեթ Քելլի, որ յայտնեց, թէ Փարիզի խորհրդաժողովին ընթացքին իրենք պիտի ներկայանան Անթոնիօ Կութիերեսի անձով:
Քելլի յայտնեց, որ խորհրդաժողովին ընթացքին Կութիերես պիտի արտասանէ խօսք մը, որուն մէջ պիտի ներկայացուին Լիբանանի կառավարութեան հետ գաղթականներուն հարցով գործակցութեան մանրամասնութիւնները:

