Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՓՈԽՎԱՐՉԱՊԵՏ, պաշտպանութեան նախարար Սամիր Մուքպել երէկ ընդունեց բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժին, որուն հետ քննարկեց երկրին ապահովական իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ բանակին վերաբերող շարք մը հարցեր:

ԱՆՑԵԱԼ շաբաթավերջին նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորա Անգարայի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլուի հետ: Քննարկուեցան լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները:

«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով Մարտ 8-ի քաղաքական ուժերէն, շեշտեց, որ առանց «Դիմադրութիւն» եզրին կազմուելիք կառավարութիւն մը կը նշանակէ խորհրդարանին վստահութիւնը չվայելող կառավարութիւն:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Սելիմ Սալհապ շեշտեց, որ այս հանգրուանին որեւէ բանավէճ կրնայ ժխտական ազդեցութիւն ունենալ երկրին մէջ ստեղծուած համախոհական ուղեգիծին վրայ:

ԹԱՈՒՀԻՏ հոսանքի ղեկավար Ուիամ Ուահապ յայտնեց, որ ինք կը հասկնայ  Պաապտայի պալատէն մեկնումի նախօրեակին հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի հոգեկան վիճակը:

ՍԷՈՒՏԱԿԱՆ «Ուաթան» օրաթերթին համաձայն, հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման Հըզպալլան հովանաւորող արտաքին ուժերուն շահերը չի պաշտպաներ, եւ այդ պատճառով է, որ ան Հըզպալլայի ցեխարձակումներուն թիրախ կը դառնայ:

ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարար Ուաէլ Ապու Ֆաուր յայտնեց, որ կառավարութեան աշխատանքային ծրագիրը մշակող նախարարական յանձնախումբը անկարող է Դիմադրութեան շուրջ համաձայնութիւն գոյացնելու:

«ՆԱՀԱՐ» օրաթերթին համաձայն, կը նախատեսուի, որ 2015-ին Լիբանան ապաստանած սուրիացի գաղթականներուն թիւը հասնի չորս միլիոնի:

ԱՄԱԼ շարժումի քաղաքական խորհուրդի նախագահ Ժամիլ Հայեք շեշտեց, որ ոչ ոք կրնայ ջնջել Դիմադրութեան կարգախօսը կամ շրջանցել զայն:

«ՀԱՅԱԹ» օրաթերթին համաձայն, Փարիզի մէջ տեղի ունենալիք Լիբանանի զօրակցութեան խորհրդաժողովին մասնակցութիւնը բարձր մակարդակի պիտի ըլլայ:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Մոհամետ Հաժժար յայտնեց, որ շրջանային զարգացումները մղած են, որ Հըզպալլա խստապահանջ ըլլայ կառավարութեան աշխատանքային ծրագիրին առումով:

ԵԼԵՒՄՈՒՏՔԻ նախարար Ալի Հասան Խալիլ ընդունեց Լիբանանի մէջ Ռուսիոյ դեսպան Ալեքսանտր Զասպիքինը, որ յայտնեց, թէ Մոսկուայի համար Ուքրանիոյ մէջ պատահածը Սուրիոյ մէջ պատահածին հետ չի բաղդատուիր:

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES