Ուքրանիոյ Տագնապ. «Քերրիի Վերջին Յայտարարութիւնները Անընդունելի Սպառնալիքներ Կը Պարունակէին» Ըսաւ Լաւրով

Crimea0303Ռուսիա յայտարարեց, որ իր ուժերը Ուքրանիոյ մէջ պիտի մնան, մինչեւ որ այդտեղ քաղաքական կացութիւնը «բնականոնանայ»` պաշտպանելու համար Ռուսիոյ եւ անոր քաղաքացիներուն շահերը:

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով յայտնեց, որ իր երկիրը մարդկային իրաւունքները կը պաշտպանէ «ծայրայեղ ազգայնականներու սպառնալիքէն»: Ան ըսաւ, որ «ծայրայեղ ազգայնականներու բրտութիւնը կը վտանգէ ռուս եւ ռուսախօս բնակչութեան կեանքերն ու շրջանային շահերը»:

Լաւրով յայտնեց, որ Ուքրանիոյ տարածքին մէջ Ռուսիոյ Սեւծովեան նաւատորմիղին դէմ նոր սադրանքներ կը պատրաստուին:

Ռուսական դիւանագիտութեան պետը Արեւմուտքին կոչ ուղղեց մէկ կողմ ձգելու աշխարհաքաղաքական հաշիւները եւ «ուքրանացի ժողովուրդին շահերը նկատի ունենալու»` աւելցնելով, որ «ներքին որեւէ տագնապ պէտք է քաղաքական բոլոր ուժերուն միջեւ երկխօսութեամբ լուծել»: Ան ըսաւ, որ «Քերրիի վերջին յայտարարութիւնները անընդունելի սպառնալիքներ կը պարունակեն»:

Ռուսիոյ դաշնակցային խորհուրդի միջազգային հարցերու յանձնախումբը աջակցեցաւ Ուաշինկթընէն Ռուսիոյ դեսպանը տուն կանչելու խնդրանքով նախագահ Վլատիմիր Փութինի ներկայացուած դիմումին: Փաստաթուղթը պատրաստած էր ծերակուտական Եուրի Վորոպիով, որ յայտարարած էր, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա վիրաւորած է ռուս ժողովուրդը: Օպամա 28 փետրուարին յայտարարած էր. «Միացեալ Նահանգներ միջազգային ընտանիքին հետ կը հաստատեն, որ Ուքրանիա զինուորական ներխուժման համար ստիպուած պիտի ըլլան գին վճարել»: Նշենք, որ «Կազփրոմ»-ի արժեթուղթերուն գինը երէկ 11 առ հարիւրով անկում մը կրեց: Ամերիկեան իշխանութիւնները նաեւ Ռուսիոյ անասնաբուժական ու բոյսերու վերահսկողութեան հարցերով դաշնակցային «Ռոսսելխոզնատզոր» ծառայութեան ներկայացուցիչներուն երէկ արգիլեցին մուտք գործել Միացեալ Նահանգներ:

Բրիտանիոյ արտաքին գործոց նախարար Ուիլիըմ Հէյկ, որ Քիեւ կը գտնուի, յայտնեց, որ Ուքրանիոյ տագնապը այս դարուն Եւրոպայի դիմագրաւած մեծագոյն տագնապն է:

Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահ Ճօ Պայտըն Ռուսիոյ կոչ ուղղեց իր ուժերը Խրիմէն հեռացնելու եւ ուքրանական կառավարութեան հետ երկխօսութեան սկսելու համար Ուքրանիոյ մէջ միջազգային դէտերուն աջակցելու:

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրի երէկ գիշեր Քիեւ մեկնեցաւ:

Միւս կողմէ, Ուքրանիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը յայտարարեց, որ կիրակի գիշեր ռուսական կործանիչներ երկու անգամ խախտած են Ուքրանիոյ օդային սահմանը: Անոնց ուղղութեամբ ուղարկուած է ուքրանական կործանիչ մը:

Ուքրանիոյ պաշտպանութեան նախարարութենէն աղբիւրներ երէկ յայտնեցին, որ Ռուսիոյ Սեւծովեան նաւատորմիղի հրամանատար Ալեքսանտր Վիթքօ Խրիմի մէջ գտնուող ուքրանական ուժերուն մինչեւ երեքշաբթի արշալոյս պայմանաժամ ճշդած է յանձնուելու, այլապէս յարձակումի պիտի ենթարկուին: Սակայն Սեւծովեան նաւատորմիղէն աղբիւր մը հետագային «ԻնթըրՖաքս» լրատու գործակալութեան յայտնեց, որ այդպիսի պայմանաժամ մը չէ ճշդուած:

Ռուսամէտ զինեալներ երէկ գրաւեցին Արեւելեան Ուքրանիոյ քաղաքներէն Տոնեցքի տեղական կառավարութեան շէնքը: Խրիմի Պելպեք քաղաքին մէջ գտնուող ուքրանական օդուժի ռազմակայանէն 800 զինուորներ միացան Խրիմի բանակին, որուն նաեւ յանձնեցին 45 «Միկ» պատերազմական օդանաւեր:

Խրիմը Կրնայ Անցնիլ Մոսկուայի
Ժամանակացոյցին

Խրիմի խորհրդարանի նախագահ Սերկէյ Քոնսթանթինովի մամլոյ ծառայութենէն ԻԹԱՐ-ԹԱՍՍ-ին յայտնած են, որ Խրիմ կրնայ անցնիլ Մոսկուայի ժամանակացոյցին: «Խրիմի Գերագոյն խորհուրդի նախագահութեան նիստին ժամանակ քննարկուած է հանրաքուէի կայացման հարցը: Հանրաքուէին ընթացքին կրնայ դրուիլ Խրիմի ինքնավարր հանրապետութեան` Մոսկուայի ժամանակացոյցին անցման հարցը», ըսած են լրատու գործակալութեան: Ներկայիս Խրիմի եւ Մոսկուայի միջեւ երկու ժամուան տարբերութիւն գոյութիւն ունի:

Խրիմի Գերագոյն խորհուրդի նախագահ Վլատիմիր Քոնսթանթինով յայտնած է, որ Սեպասթոփոլ քաղաքը կրնայ ընդգրկուիլ Խրիմի կազմին մէջ: «Խորհրդարանը պատրաստ է ուսումնասիրելու Սեպաստոփոլի` ինքնավար շրջանի կազմին մէջ ընդգրկուելու նախաձեռնութիւնը: Ատիկա անոնց նախաձեռնութիւնն է, թէ ինչպէ՛ս պիտի վերաբերին ատոր խրիմցիները, ես կրնամ միայն ենթադրել, որ անոնք երկու ձեռքով թեր պիտի ըլլան, սակայն նախ եւ առաջ` ատիկա Սեպաստոփոլի բնակիչներուն որոշումն է», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ Սեպաստոփոլի բնակիչները իրենք պէտք է որոշեն, թէ ինչպէ՛ս կը տեսնեն իրենց ապագան:

Խրիմի վարչապետ Սերկէյ Աքսենով յայտարարեց, որ Խրիմի իշխանութիւնները պաշտպանութեան սեփական նախարարութիւն պիտի ստեղծեն: «Այսօր բոլոր ուժային կառոյցներու 90 առ հարիւրը կ’ենթարկուի Խրիմի Գերագոյն խորհուրդին», ըսած է ան:

Իրան Կը Զգուշացնէ Ուքրանիոյ Ներքին
Գործերուն Արտաքին Միջամտութենէն

Իրանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտնեց, որ պէտք չէ Ուքրանիոյ գործերուն արտաքին միջամտութիւն ըլլայ` նշելով, որ ուքրանացի ժողովուրդը արժանի է իր ճակատագիրը ինքնուրոյն ձեւով որոշելու:

«Մենք կը կարծենք, որ Ուքրանիոյ ճակատագիրը պէտք է որոշուի ժողովուրդին վճռականութեամբ, երկրին քաղաքական ուժերուն միջեւ ներդաշնակութեամբ եւ առանց արտաքին միջամտութեան», յայտնեց Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարզիէ ԱՖհամ: Ան նշեց, որ Իրանի իսլամական հանրապետութիւնը ուշադիր կերպով կը հետեւի Ուքրանիոյ մէջ իրադարձութեանց զարգացման ընթացքին:

Share this Article
CATEGORIES