Քարզայ. «Աֆղանիստանի Պատերազմը Ի Շահ Արեւմուտքի Է»

Համիտ Քարզայ

Համիտ Քարզայ

Աֆղանիստանի նախագահ Համիտ Քարզայ «Տը Ուաշինկթըն Փոսթ» օրաթերթին հետ ունեցած հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնած է, որ Աֆղանիստանի մէջ անվտանգութեան նպաստող միջազգային ուժերը պատերազմ կը մղեն, սակայն ոչ Քապուլի շահերուն համապատասխան:

Քարզայ ըսած է, որ Աֆղանիստանի պատերազմը իրենց պատերազմը չէ, այլ կը մղուի Միացեալ Նահանգներու անվտանգութիւնը եւ Արեւմուտքի շահերը ապահովելու նպատակով:

Քարզայ նշած է, որ մտահոգ է երկրին մէջ զոհերու մեծ թիւով, ինչ ամերիկեան զինուորական գործողութիւններու հետեւանք է:

Աֆղանիստանի նախագահին գնահատականով` Քայիտան աւելի առասպել է, քան` իրականութիւն:

Օպամա-Քարզայ յարաբերութիւնները վերջին շրջանին լարուած են, որովհետեւ Քարզայ չ՛աճապարեր Միացեալ Նահանգներու հետ համաձայնագիր ստորագրելու` իր երկրէն ամերիկեան ուժերու հեռացման համար:

Ապրիլին Աֆղանիստանի մէջ նախագահական ընտրութիւն նախատեսուած է:

 

Share this Article
CATEGORIES