Կարմիր Սուլթանի Ծոռը Կը Պահանջէ Պապերու Կալուածները Վերադարձնել

Ապտիւլհամիտ Քայըհան Օսմանօղլու

Ապտիւլհամիտ Քայըհան Օսմանօղլու

Թրքական «Միլլիյէթ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Օսմանեան կայսրութեան սուլթան Ապտիւլ Համիտի ծոռերէն Ապտիւլհամիտ Քայըհան Օսմանօղլու յայտարարած է, որ դատական հայց ներկայացուցած է` իր պապերուն պատկանած անշարժ գոյքը ետ ստանալու համար:

Օսմանօղլու նշած է, որ 27 մարտին պիտի սկսի իր հարցով դատավարութիւնը, որուն մէջ ինք պահանջած է իր պապերէն խլուած կալուածները ժառանգական ճանչնալ եւ անոնց վերադարձի հոլովոյթին սկսիլ: Ան պնդած է, որ սուլթան Ապտիւլ Համիտ ունեցած է 37 հազար միաւոր անշարժ գոյք` շեշտելով, թէ անոնք կրնան նոր դատական հայցի հիմք դառնալ:

Քայըհան Օսմանօղլու պնդած է, որ արդէն իրենց ընտանիքին աջակցողները շատցած են, եւ անհրաժեշտ է, որ Թուրքիոյ մէջ իրենց ընտանիքի պատիւն ու հեղինակութիւնը պաշտօնապէս վերականգնի:

Share this Article
CATEGORIES