2025-ին Իրան Բնական Կազ Ներածող Մեծագոյն Երկիրը Պիտի Դառնայ

gas0303«Արապիա» կը հաղորդէ, որ Իրանի ուժանիւթի նախարարութեան ներկայացուցիչը յայտնած է, որ Իրան 2025-ին պիտի դառնայ բնական կազ ներածող երկիրներու շարքին մեծագոյնը:

Նախարարութեան հետազօտական բաժանմունքի ղեկավար Համիտ Քաթուզեան Թեհրանի մէջ տեղի ունեցած խորհրդաժողովին ընթացքին նշած է, որ Իրան աշխարհի կազի ամէնէն հարուստ պաշարներէն մէկը ունի, սակայն անցեալ տասնամեակին ընթացքին այդ պաշարներու արդիւնահանման աշխատանքները զգալի կերպով դանդաղած են, իսկ կապոյտ վառելանիւթին նկատմամբ բնակչութեան ու արդիւնաբերութեան պահանջարկը աճած է:

Աղբիւրը կ՛աւելցնէ, որ Քաթուզեան կոչ ուղղած է կառավարութեան անյապաղ միջոցներու ձեռնարկելու, որպէսզի կազի մեծ պաշարներ ունեցող Իրանը ոչ մէկ պարագայի այդ վառելանիւթը ներածող մեծագոյն երկրին վերածուի:

 

Share this Article
CATEGORIES