Ըստ Իսրայէլեան «Ուալա» Կայքին. Իսրայէլի Պաշտպանութեան Նախարարութիւնը Կը Ստիպէ Չանդրադառնալ Իրանի Հետ Զէնքի Առեւտուրի Հարցին

Iranian-F-4Իսրայէլեան «Ուալա» կայքը կը հաղորդէ, որ Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարարութեան մէջ ապահովութեան պատասխանատու Ամիր Քին անցեալ հինգշաբթի գիշեր որոշած է Իրանի հետ զէնքերու առեւտուրի հարցով կասկածեալ երկու իսրայէլացի քաղաքացիներու հարցի մամուլի մէջ արծարծումը արգիլել:

Յունական օրաթերթ մը շաբթուան ընթացքին բացայայտած էր այդպիսի հարցի մը գոյութիւնը: Քին չէ հաստատած, որ այդպիսի հարց մը գոյութիւն ունի:

Իսրայէլեան լրատուամիջոցներ հաղորդեցին, որ այս հարցով կասկածեալներն են Իլի Քոհեն եւ Աւիխայ Ֆինշթայն: Տարիներ առաջ Իրանի հետ զէնքի առեւտուրի հարցով անոնց հետ շուրջ հետաքննութիւն կատարուած է, սակայն անոնք չեն ամբաստանուած, հակառակ անոր որ Իսրայէլ Իրանը իր թիւ մէկ թշնամին կը նկատէ:

Երկու կասկածեալները անդամ են կրօնական ծայրայեղական խմբաւորումի մը, որուն ղեկավարն է ռաբբի Մայիր Ռոզենպաում: Խմբաւորման կեդրոնատեղին կը գտնուի կեդրոնական Իսրայէլի Պենի Պրաք քաղաքին մէջ:

Երկու կասկածեալները «Էֆ-4» օդանաւերու կտորներ Հայֆայի հարաւը գտնուող Պենիամինա գիւղէն Յունաստանի ճամբով ուղարկած են Իրան:

Share this Article
CATEGORIES