Իրանի Մէջ Շուրջ 100 Ազրպէյճանցի Գործիչներ Ձերբակալուած Են

activistsԱզրպէյճանական ԱՓԱ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Իրանի Արեւելեան Ազրպէյճան նահանգի Ահար քաղաքին մէջ անցեալ հինգշաբթի երեկոյեան զանգուածային ձերբակալութիւններ տեղի ունեցած են:

Ոստիկանութեան աշխատակիցները այցելած են ազրպէյճանցի գործիչ Սալեհ Մոլլա Ապպասիի տունը:

Պատճառը եղած է ազրպէյճանցի գործիչներու հաւաքը` Լեզուի համաշխարհային օրուան առիթով ձեռնարկ մը կազմակերպելու վերաբերեալ:

Դէպքի վայր ժամանած են ոստիկանական 13 մեքենաներ: Ոստիկանութեան եւ գործիչներուն միջեւ բախում տեղի ունեցած է: Միջադէպը աւարտած է հարիւր ազրպէյճանցի գործիչներուն ձերբակալութեամբ:

Յայտնի չէ, թէ ո՛ւր կը պահուին անոնք: Տակաւին ճշդուած են գործիչներէն միայն 17-ին տուեալները:

Share this Article
CATEGORIES