Պոլսոյ Մէջ Գանձ Փնտռողները Բիւզանդական Կայսրութենէն Մնացած 50 Թոն Ոսկի Գտած Են
Թրքական «Միլլիյէթ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Պոլսոյ մէջ փապուղի փորելով բիւզանդական ժամանակաշրջանէն մնացած շինութեան աւերակներ յայտնաբերած չորս գանձ փնտռողներ ձերբակալուած են: Ըստ ոստիկանութեան տուեալներուն, անոնք 50 թոն ոսկի գտած են, ապա զայն հալեցուցած եւ իւրացուցած են:
Չորս անձերու դրամատնային հաշիւներն ու ունեցուածքը հսկողութեան տակ առնուած են:
Ոստիկանները յայտնաբերած են գանձ փնտռողներու փորած փապուղին, ուր կամարապատ շինութեան մնացորդներ եղած են:
Կ՛ենթադրուի, որ ճիշդ այդտեղէն ալ գտած են պատմական արժէք ներկայացնող գանձերը: Ոստիկանները, սակայն, այնտեղ ոսկիի որեւէ հետք չեն յայտնաբերած:
Հնագէտները կ՛ենթադրեն, որ գանձ փնտռողները գտած են Բիւզանդական կայսրութեան կորսուած գանձերը: Պատմաբանները կը նշեն, որ այդ շրջանին մէջ եղած է Բիւզանդական կայսրութեան ամարանոցը, սակայն անհաւանական կը նկատեն, որ այնտեղ այդքան շատ ոսկի պահուած ըլլայ:

