Նախիջեւանի Մէջ Արգիլած Են Արտասահմանեան Երաժշտութիւնը

Nakhichevan20022014Ազրպէյճանական Haqqin.az կայքը կը հաղորդէ, որ Նախիջեւանի ձայնասփիւռի ընկերութիւններուն համար արգելք մը սահմանուած է:

Նախիջեւանի պատկերասփիւռի եւ ձայնասփիւռի հաղորդումներու յանձնախումբը արգիլած է արտասահմանեան երաժշտութեանց հեռարձակումը: Այժմ Նախիջեւանի մէջ ձայնասփիւռով կարելի պիտի ըլլայ լսել բացառապէս ազրպէյճանական երաժշտութիւն:

Արգիլուած են նաեւ այնպիսի երաժշտական ոճեր, ինչպիսիք են` ռոքը, ռափը, ներառեալ` ազրպէյճաներէնով: Արգիլուած է մինչեւ իսկ թրքական երգերու սփռումը:

Share this Article
CATEGORIES