Լապուէ` Ռմբակոծումի Թիրախ

DAHESH_SAROUKHԵրէկ կէսօրէ ետք սուրիական հողերէն արձակուած «Կրատ» տիպի երեք հրթիռներ թիրախ դարձուցին Լապուէն, ուր արձանագրուեցան նիւթական վնասներ:

Լապուէի քաղաքապետ Ռամեզ Ամհազ յայտնեց, որ Լապուէի մէջ վնասուած կարգ մը բնակարաններէն է Եուսեֆ Այթաուիի բնակարանը:

Իբրեւ հակազդեցութիւն ռմբակոծումին, Լապուէի բնակիչները աւազեայ պարկերու պատնէշներով փակեցին Լապուէ-Արսալ ճամբան:

Այս դէպքէն ժամեր ետք, երեկոյեան ժամը շուրջ 6:30-ին, ՏԱՀԵՇ կազմաւորումը «Թուիթըր»-ի ընդմէջէն ստանձնեց հրթիռարձակումին պատասխանատուութիւնը` նշելով, որ Լապուէի դէմ «Քաթիուշա» տիպի հրթիռներ արձակած է` պատասխանելու համար Սուրիոյ կռիւներուն Հըզպալլայի բերած մասնակցութեան:

ՏԱՀԵՇ հրապարակեց նաեւ լուսանկար մը, որ ցոյց կու տայ կատարուած հրթիռարձակումը:

 

Share this Article
CATEGORIES