Ուիլիըմ Հէյկ Կը Շնորհաւորէ Պասիլը
Արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Ժըպրան Պասիլ երէկ շնորհաւորական նամակ մը ստացաւ Բրիտանիոյ արտաքին գործոց նախարար Ուիլիըմ Հէյկէն, որ պատրաստակամութիւն յայտնեց գործակցելու լիբանանցի իր պաշտօնակիցին հետ:
Իր շնորհաւորական նամակին մէջ Հէյկ շեշտեց, որ Բրիտանիա Լիբանանի նկատմամբ ամբողջական զօրակցութիւն կը ցուցաբերէ, յատկապէս Լիբանանի ապահովական կայունութիւնը երաշխաւորելու եւ ահաբեկչութեան դէմ պայքարը շարունակելու առումով:
Հէյկ անհրաժեշտ նկատեց նաեւ, որ Լիբանան Սուրիոյ տագնապին նկատմամբ իր չէզոք կեցուածքը պահպանէ, սահմանադրութեամբ ճշդուած թուականին նախագահական ընտրութիւններուն կայացումը երաշխաւորէ, ինչպէս նաեւ երեսփոխանական ընտրութիւնները կատարելու նպատակով ընտրական նոր օրէնք մը մշակէ:
CATEGORIES Լիբանանեան

