Արթիւր Նազարեան Ընդունեց Եւրոպական Միութեան Եւ Դանիոյ Դեսպանները

Էխհորեսթ եւ Նազարեան

Էխհորեսթ եւ Նազարեան

Ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարար Արթիւր Նազարեան նախարարութեան կեդրոնին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Եւրոպական Միութեան դեսպան Անժելինա Էխհորեսթը, որուն հետ քննարկեց Լիբանանի եւ Եւրոպական Միութեան միջեւ գործակցութեան վերաբերող հարցեր:

Նախարար Նազարեանի այցելեց նաեւ քարիւղ ներածող ընկերութիւններու համախմբումի պատուիրակութիւն մը` գլխաւորութեամբ Օսքար Եամմինի:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան քարիւղի մարզին վերաբերող հարցեր:

Նախարարութեան այցելուներէն եղաւ նաեւ Լիբանանի մէջ Դանիոյ դեսպան Ռալֆ Հալամպօ: Քննարկուեցան լիբանանեան-դանիական երկկողմանի յարաբերութիւններն ու զանոնք ամրապնդելու հեռանկարները:

Նախարար Նազարեանի այցելեց նաեւ Միջազգային դրամատան մէկ պատուիրակութիւնը, որ Ա. Նազարեանի հետ քննարկեց Քարաոնի ջրամբարը ապականումէ պաշտպանելու ծրագիրին մանրամասնութիւնները:

Share this Article
CATEGORIES