Պըրրի Առկախեց Խորհրդարանի Օրէնսդրական Նիստը

Վերա Եամմին եւ Պըրրի
Խորհրդարանին գումարելիք օրէնսդրական նիստը երէկ 10-րդ անգամ ըլլալով յետաձգուեցաւ` երեսփոխաններու բաւարար թիւի չգոյութեան պատճառով, այս անգամ սակայն խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի առկախեց նիստը` առանց յստակ թուական մը ճշդելու:
Միւս կողմէ, Այն Թինէի մէջ Պըրրի ընդունեց Մարատա հոսանքի պատասխանատուներէն Վերա Եամմինը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները:
Լիբանանեան ժողովրդային խորհրդաժողովի նախագահ Քամալ Շաթիլա իր կարգին Պըրրիի հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները` ցաւ յայտնելով, որ լիբանանեան իրաւունքը պաշտպանելու հարց ու խնդիր գոյութիւն ունի:
Շաթիլա ընդգծեց, որ բռնագրաւուած լիբանանեան հողերու ազատագրումը նուազագոյն իրաւունքն է, որուն բոլոր լիբանանցիները պէտք է հաւատան ու պաշտպանեն:
Խորհրդարանի նախագահին այցելեց նաեւ Լիբանանի մէջ Իսլամ կրօնաւորներու համախմբումը, որուն անունով շէյխ Ահմետ Զէյն հաստատեց, որ հաւատադրժողական խմբաւորումները իսլամութեան հետ կապ կամ առնչութիւն չունին` աւելցնելով, որ անոնք ոչ մէկ կրօնի կրնան կապուած ըլլալ:
Զէյն համախմբումին անունով դատապարտեց Պըրրին սպանութեան թիրախ դարձնելու փորձերը` բարձր գնահատելով անոր ազգային դերակատարութիւնը:

