Նախագահ Սլէյման Մեկնեցաւ Փարիզ

1796705Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ կէսօրին մեկնեցաւ Փարիզ` նախագահելու համար Լիբանանի օժանդակութեան նպատակով Ֆրանսայի հիւրընկալելիք խորհրդաժողովին մասնակցող լիբանանեան պատուիրակութեան:

Լիբանանեան պատուիրակութեան մաս կը կազմեն փոխվարչապետ, պաշտպանութեան նախարար Սամիր Մուքպել, արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Ժըպրան Պասիլ եւ ընկերային հարցերու նախարար Ռաշիտ Տըրպաս:

Միւս կողմէ, նախագահ Սլէյման երէկ առաւօտեան ընդունեց Լիբանանի մէջ Քաթարի դեսպանատան գործավար Ալի Իպրահիմ Մալիքին, որ նախագահ Սլէյմանի յանձնեց Քաթարի շէյխ Թամիմ պըն Համատ իշխանէն նամակ մը, որ հրաւէր մըն է 12-14 մայիս Տոհայի մէջ տեղի ունենալիք խորհրդաժողովին:

 

Share this Article
CATEGORIES