Զօր. Աուն. «Դիմադրութիւնը Իր Օրինականութիւնը Կը Ստանայ Բռնագրաւումէն»

Զօր. Աունը` մամլոյ ասուլիսին ընթացքին

Զօր. Աունը` մամլոյ ասուլիսին ընթացքին

Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն երէկ Ռապիէի մէջ նախագահեց համախմբումին ընթացիկ նիստին, որմէ ետք տուաւ մամլոյ ասուլիս մը, որուն ընթացքին շեշտեց, որ որոշ եզրի մը շուրջ տարակարծութիւնը անոր իմաստէն եւ տիրող իրավիճակէն ոչինչ կը փոխէ:

«Դէպքերն են, որոնք կրնան տիրող իրավիճակը փոփոխութեան ենթարկել, սակայն ոմանք կը փորձեն կառավարութիւնը լուծարել, ինչ որ իր հետեւանքները կրնայ ունենալ նախագահական ընտրութեան վրայ», ըսաւ ան:

Զօր. Աուն կոչ ուղղեց բոլորին իմաստուն կերպով վարուելու եւ ապարդիւն խորհրդակցութիւններով ժամանակ չվատնելու, «իսկ Դիմադրութիւնը իր օրինականութիւնը կը ստանայ բռնագրաւումէն եւ մարդկային իրաւանց ուխտէն», հաստատեց ան:

Զօր. Աուն շեշտեց, որ կառավարութեան աշխատանքային ծրագիրը լուծում չէ երկրին հարցերուն` աւելցնելով, որ կառավարութիւնը չէ կազմուած լուծումներ գտնելու նպատակով, այլ կազմուած է ապահովելու համար սահմանադրական հաստատութիւններուն շարունակականութիւնը` հիմնական առաքելութիւն ունենալով կատարել նախագահական ընտրութիւնները:

Ան շեշտեց, որ անհրաժեշտ է կասեցնել բանավէճը` աւելցնելով, որ Հըզպալլա եւ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման իրարու մօտիկ էին, եւ ոչ ոք գիտէ, թէ անոնց միջեւ ի՛նչ հարց եղած է, բացի իրենցմէ:

Share this Article
CATEGORIES