Քանատայի Հայ Դատի Յանձնախումբի Հանդիպումը Զուիցերիոյ Դեսպանին Հետ
Հինգշաբթի, 27 փետրուարին Քանատայի Հայ դատի յանձնախումբը հանդիպում ունեցաւ Քանատայի մէջ Զուիցերիոյ դեսպան Ուլրիխ Լեհնըրի հետ: Հայ դատի յանձնախումբին խնդրանքով տեղի ունեցած հանդիպումին նպատակը` Զուիցերիոյ կառավարութեան կողմէ Տողու Փերինչեքի հարցով Մարդկային իրաւանց եւրոպական դատարանի Եւրոպայի մէջ ցեղասպանութեան ժխտումին վերաբերեալ վճիռը բողոքարկելու իրաւունքի կիրարկման կարեւորութիւնը շեշտելն էր:
Քանատայի Հայ դատի յանձնախումբը դեսպանին փոխանցեց քանատահայութեան եւ համայն հայութեան լուրջ մտահոգութիւնները Մարդկային իրաւանց եւրոպական դատարանի 17 դեկտեմբեր 2013-ի այն վճիռին նկատմամբ, որ Հայոց ցեղասպանութիւնը ժխտելուն համար զուիցերիական քրէական օրէնսգիրքին հիմամբ Տողու Փերինչեքը պատժելու զուիցերիական դատարանի 2007-ի որոշումը կը մերժէր:
Զուիցերիական Դատարանը
Դատապարտած Է Թուրք Քաղաքագէտը
2007-ին թուրք քաղաքագէտ Տողու Փերինչեք Զուիցերիոյ դաշնակցային դատարանին կողմէ դատապարտուեցաւ հրապարակաւ Հայոց ցեղասպանութիւնը ժխտելուն համար: Ան հրապարակաւ յայտարարած էր, որ «ցեղասպանութիւնը միջազգային սուտ մըն է»: Մարդկային իրաւանց եւրոպական դատարանը վճռեց, որ Փերինչեք Հայոց ցեղասպանութիւնը ժխտելով յանցանք չէ գործած` հակառակ ժխտողականութիւնը մերժող զուիցերիական օրէնքին եւ եւրոպական այլ օրէնքներու, որոնք պետութիւններուն կոչ կ՛ուղղեն` ցեղասպանութեան ու մարդկութեան դէմ ոճիրներու ժխտողականութեան դէմ պայքարին մէջ աւելի ուժեղ կեցուածք որդեգրելու:
Փաստագրական Եւ Արդարադատական
Առատ Սխալներ
Զուիցերիոյ դեսպանին հետ հանդիպման ընթացքին, Քանատայի Հայ դատի յանձնախումբը ընդգծեց Մարդկային իրաւանց եւրոպական դատարանի որոշումի հիմնաւորման մէջ գոյութիւն ունեցող փաստագրական եւ արդարադատական մեծ սխալները:
Քանատայի Հայ դատի յանձնախումբը կոչ ուղղեց Զուիցերիոյ` իբրեւ Եւրոպայի մէջ ցեղասպանութեանց ու մարդկութեան դէմ ոճիրներու ժխտումը արգիլող յառաջատար պետութիւն, այս հարցով կառչած մնալու իր սկզբունքային կեցուածքին: Քանատայի Հայ դատի յանձնախումբի նախագահ տոքթ. Ժիրայր Պասմաճեան Մարդկային իրաւանց եւրոպական դատարանի 5 թեր քուէներով որդեգրուած որոշումին դէմ քուէարկած 2 դատաւորները մատնանշելով յայտնեց, որ «գոյութիւն ունին մասնագէտներու առատ տեսակէտներ, որոնք վճիռը բողոքարկելու Զուիցերիոյ ուժեղ հիմնաւորումները կ՛ամրապնդեն»: «Մարդկային իրաւանց եւրոպական դատարանի վճիռը ընդունելու եւ չբողոքարկելու պարագային Եւրոպային ուղղած Զուիցերիոյ պատգամը ոչ միայն Թուրքիոյ կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման վնաս պիտի պատճառէ, այլ նաեւ այլ ցեղասպանութեանց ժխտման դէմ պայքարին եւ ապագայ ցեղասպանութիւններու կանխարգիլման», ըսաւ ան:
Մարդկային իրաւանց եւրոպական դատարանի վճիռի բողոքարկման դիմումին որոշումը կը պատկանի Զուիցերիոյ արդարադատութեան եւ ոստիկանութեան դաշնակցային բաժանմունքին, զոր կը ղեկավարէ նախարար Սիմոնեթա Սոմարուկա: Քանատայի Հայ դատի յանձնախումբը կը նախատեսէ, որ Զուիցերիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը եւ մինչեւ իսկ Զուիցերիոյ դաշնակցային խորհուրդը կրնան այս որոշումին մէջ խօսք ունենալ, նկատի ունենալով Եւրոպայի մէջ եւ այլուր ցեղասպանութեանց ժխտողականութեան, ցեղապաշտութեան եւ ատելութեան հրահրման վրայ Մարդկային իրաւանց եւրոպական դատարանի այս վճիռին ունենալիք իրաւաբանական եւ քաղաքական հետեւանքները:

