Արցախ. Նախագահ Սահակեան Ընդունեց Հայաստանի Կրթութեան Եւ Գիտութեան Նախարարը
Լեռնային Ղարաբաղի նախագահ Բակօ Սահակեան երէկ ընդունեց Հայաստանի կրթութեան եւ գիտութեան նախարար Արմէն Աշոտեանը:
Լեռնային Ղարաբաղի նախագահին պաշտօնական կայքը հաղորդեց, որ հանդիպումին, որուն մասնակցեցան Լեռնային Ղարաբաղի փոխվարչապետ Արթուր Աղաբեկեան եւ կրթութեան ու գիտութեան նախարար Սլաւա Ասրեան, քննարկուեցան Արցախի մէջ գիտութեան ու կրթութեան զարգացման եւ այս մարզին մէջ երկու հայկական հանրապետութիւններու փոխադարձ գործակցութեան վերաբերող տարբեր հարցեր:
Հայաստանի կրթութեան եւ գիտութեան նախարարը երկօրեայ աշխատանքային այցելութեամբ Ղարաբաղ մեկնեցաւ նախանցեալ օր: Այցելութեան ծիրին մէջ ստորագրուեցաւ Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութիւններուն միջեւ կրթութեան եւ գիտութեան մարզին մէջ 2014-2020 թուականներու համագործակցութեան ծրագիր, ինչպէս կը հաղորդէ Հայաստանի կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութեան լրատուական ծառայութիւնը:

