Հայաստան Վերադարձուեցաւ Գերեվարուած Ծերունի Մամիկոն Խոջոյեան

Մամիկոն Խոջոյեան
«Երէկ հայաստանցի քաղաքային անձը, որ գերեվարուած էր Պաքուի մէջ, վերադարձուեցաւ Հայաստան` Կարմիր Խաչի միջազգային կոմիտէի (ԿԽՄԿ) հովանիին ներքեւ: Քաղաքացին յանձնուեցաւ հայաստանցի պաշտօնեաներու խնամքին ազրպէյճանական Ղազախ եւ հայկական Իջեւան քաղաքներուն միջեւ անցնող ճամբուն` միջազգային սահմանին վրայ», ըսուած է Կարմիր Խաչի միջազգային կոմիտէի երէկ տարածած հաղորդագրութեան մէջ:
Ըստ հաղորդագրութեան, կոմիտէի պատուիրակները այցելած են քաղաքացիին նախքան անոր վերադարձը` բանտարկութեան պայմանները եւ անոր նկատմամբ վերաբերմունքը գնահատելու համար: Կազմակերպութեան ներկայացուցիչները նաեւ կապ պահած են Հայաստանի մէջ անոր ընտանիքին հետ:
Վերադարձուած քաղաքացին 77-ամեայ Մամիկոն Խոջոյեանն է:
«Գործելով իբրեւ չէզոք միջնորդ եւ իր յանձնագիրին համաձայն, Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէն աջակցած է քաղաքացիին վերադարձին` գործելով Ազրպէյճանի Հանրապետութեան եւ Հայաստանի Հանրապետութեան իշխանութիւններուն հետ միասին», նշուած է Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէի հաղորդագրութեան մէջ:

