ԵԱՀԿ-ի Մինսքի Խմբակը Շուէտի Մէջ Խորհրդակցութիւններ Կը Կատարէ

Ճէյմս Ուորլիք

Ճէյմս Ուորլիք

ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի ամերիկացի համանախագահ Ճէյմս Ուորլիք «Թուիթըր»-ի իր էջին վրայ գրած է, որ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակը Շուէտի մէջ խորհրդակցութիւններ կը կատարէ կառավարութեան հետ:

Ան նշած է, որ երէկ հասած է Սթոքհոլմ, ուր պիտի կայանան քննարկումները:

Նշենք, որ Պաքուին «հաճելի չէ եկած» Ուորլիքի` նախապէս «Թուիթըր»-ի վրայ տեղադրած հետեւեալ գրութիւնը. «Մենք եւս կը յիշենք Սումկայիթը: Ե՛ւ Հայաստան, ե՛ւ Ազրպէյճան պէտք է նպաստեն հանդուրժողականութեան եւ վստահութեան զարգացման ծրագիրներուն»:

ԱՓԱ կը հաղորդէ, որ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան մէջ չեն վարանած մեկնաբանել Ուորլիքի կարծես թէ «անվնաս» գրառումը:

Ազրպէյճանի արտաքին գործոց փոխնախարար Արազ Ազիմով յայտնած է. «Սումկայիթեան իրադարձութիւնները տեղի ունեցած են, սակայն անոնց պատճառները, պայմանները, եւ ընդհանուր առմամբ իրողութիւնը ամբողջովին այլ բնոյթի են»:

Ազիմով յայտարարած է, որ Ուորլիք նաեւ «Թուիթըր»-ի վրայ իր կարծիքը յայտնած է այսպէս կոչուած «Խոջալուի ցեղասպանութեան» վերաբերեալ` նշելով, որ «Թուիթըր»-ը Խոջալուի քննարկման տեղը չէ:

Ուորլիք գրած է. «Խոջալուի ողբերգութեան տարելիցին օրը մենք կը յիշեցնենք, որ բռնութիւնը լուծում չէ: Բոլոր կողմերը պէտք է ջանադրաբար աշխատին խաղաղութեան հասնելու համար»:

Ազիմով ըսած է. «Ես չեմ կրնար այս ամէնը ըսել պարոն Ուորլիքին «Թուիթըր»-ի վրայ, որովհետեւ այնտեղ կարելի է ընդամէնը 120 տառերէ բաղկացած ուղերձ զետեղել: Պարոն Ուորլիքը վերջերս նշանակուած է այդ պաշտօնին մէջ եւ պէտք է աւելի լաւ ծանօթանայ տագնապին իրողութիւններուն»:

Յայտնենք, որ նախապէս ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահները յայտարարած էին, որ մտադիր են շարունակել Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման ուղղուած աշխատանքները:

Ռուս համանախագահ Իկոր Փոփով ազրպէյճանական ԱՓԱ լրատուական գործակալութեան յայտնած էր, որ տագնապի կողմերուն մօտ կը նկատուի առաջ երթալու տրամադրութիւն:

Share this Article
CATEGORIES