Նալբանդեան Ժընեւ Պիտի Այցելէ

5-7 մարտին Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան աշխատանքային այցելութեամբ պիտի մեկնի Ժընեւ, ուր նախատեսուած է անոր ելոյթը ՄԱԿ-ի Մարդկային իրաւունքներու խորհուրդի 25-րդ նստաշրջանի բարձրաստիճան հանդիպման:

7 մարտին Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարը պիտի մասնակցի եւ ելոյթ ունենայ Ցեղասպանութեան ոճիրի կանխարգիլման եւ զայն պատժելու մասին ուխտի 65-ամեակին նուիրուած բարձրաստիճան քննարկման, որ կը գումարուի նախորդ տարի Հայաստանի նախաձեռնութեամբ Մարդկային իրաւունքներու խորհուրդին կողմէ ընդունուած ցեղասպանութեան կանխարգիլման վերաբերեալ բանաձեւին համաձայն:

Արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ եւ տեղեկատուութեան վարչութիւնը նաեւ կը հաղորդէ, որ Ժընեւի մէջ Նալբանդեան պիտի ունենայ շարք մը երկկողմանի հանդիպումներ:

Share this Article
CATEGORIES