Փիթըր Չեխ` Չեխիոյ 2013 Տարուան Լաւագոյն Ֆութպոլիստը
Չելսիի բերդապահ Փիթըր Չեխ ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզին ընթացքին 7-րդ անգամ ըլլալով ընտրուեցաւ Չեխիոյ տարուան (2013) լաւագոյն ֆութպոլիստը, կը յայտնէ ArmSport.am:
«Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ին պաշտօնական կայքին մէջ հրապարակուած լուրին մէջ կը նշուի, որ Չեխ (31 տարեկան` իր կատարած յայտարարութեան ընթացքին ըսած է, որ ասիկա կ՛ապացուցէ, որ ինք կը գտնուի իր բարձր մակարդակին վրայ, որովհետեւ իր ցուցաբերած խաղարկութեամբ կրցած է ինքզինք պարտադրել, որպէսզի զինք դարձեալ ընտրեն:
CATEGORIES Մարզական

