Լիբանանի Վոլիպոլի Ֆետերասիոնի Ժողով

PROFOTO

PROFOTO

Իր գումարած շաբաթական հերթական ժողովին, Լիբանանի վոլիպոլի ֆետերասիոնը հրապարակեց տղոց ասիական ակումբներու ախոյեանութեան վիճակաձգութեան արդիւնքը. սոյն ախոյեանութեան իր մասնակցութիւնը կը բերէ Լիբանանի փոխախոյեան Զահրաա Մինա Թրիփոլի:

Վիճակաձգութեան արդիւնքը հետեւեալն է.

Ա. ԽՄԲԱԿ.- Ֆիլիփեան կղզիներ, Իրաք, Քուէյթ եւ Մոնկոլիա:

Բ. ԽՄԲԱԿ.- Իրան, Ճափոն, Լիբանան եւ Վիեթնամ:

Գ. ԽՄԲԱԿ.- Քաթար, Ղազախստան, Օման, Հոնկ Քոնկ եւ Թուրքմենիստան:

Դ. ԽՄԲԱԿ.- Թայփէ, Չինաստան, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ, Հնդկաստան եւ Կինէա:

Ֆետերասիոնին օրակարգին վրայ եղող բազմաթիւ կէտերէն մէկը եղաւ այն, որ որոշուեցաւ, որ տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան «Ֆայնըլ-Էյթ»-ի մրցումներուն մասնակցող խումբերուն իւրաքանչիւրին տրուի 5000 ամերիկեան տոլարի գումար մը` փորձելով օգտակար դառնալ անոնց, որպէսզի կարենան իրենց տնտեսական հաւասարակշռութիւնը պահել:

Share this Article
CATEGORIES