Ճատրակ. Եւրոպայի Անհատական Ախոյեանութիւն. Մրցումները Սկսան 27 Երկիրներէ 260 Ճատրակ Խաղացողներու Մասնակցութեամբ

patzoum04032014Շաբաթասկիզբին Երեւանի մէջ սկսաւ Եւրոպայի ճատրակի անհատական 15-րդ ախոյեանութիւնը, որ նուիրուած է Տիգրան Պետրոսեանի յիշատակին եւ անոր ծննդեան 85-ամեակին:

Մրցաշարքին իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն 27 երկիրներէ 260 ճատրակ խաղացողներ, որոնց կարգին` 130 կրանտմասթըրներ:

Հայաստան ունի ամէնէն շատ մասնակցողներու թիւը` 80, ապա յաջորդաբար` Ռուսիա (53), Վրաստան (17), Իսրայէլ (17), Ուքրանիա (13) եւ Թուրքիա (10):

Ըստ օրէնքին, առաջին 23 դիրքերը գրաւողները իրաւունք պիտի ստանան մասնակցելու աշխարհի բաժակի մրցաշարքին:

yevrobaՄրցաշարքը տեղի կ՛ունենայ զուիցերիական խաղաոճով` 11 հանգրուան:

Մրցանակային հիմնադրամը կը կազմէ 160 հազար եւրօ: Առաջին մրցանակակիրները կը ստանան 20 հազար եւրօ: Կէտերու հաւասարութեան պարագային, մրցանակները կը բաժնուին հաւասարապէս:

Մրցաշարքին գլխաւոր իրաւարարն է միջազգային կարգի իրաւարար Աշոտ Վարդապետեան (Հայաստան):

Իսկ վճռաբեկ յանձնախումբին նախագահն է Սմբատ Լպուտեան (Հայաստան):

Նշենք, որ Երեւանի Ալեքսանտր Սպենդիարեանի անուան օփերայի եւ պալէի անուան թատրոնին մէջ տեղի ունեցած բացման հանդիսութեան ներկաներուն կարգին էին Հայաստանի նախագահ եւ Հայաստանի ճատրակի ֆետերասիոնի նախագահ Սերժ Սարգսեան, ՖԻՏԷ-ի նախագահ Քիրսան Իլիումժինով, Եւրոպայի ճատրակի ֆետերասիոնի նախագահ Սիլվիօ Տանայլով եւ ուրիշներ:

 

Share this Article
CATEGORIES