Երիտասարդութեան Եւ Մարմնակրթութեան Նախարարը Ընդունեց Լիբանանի Ողիմպիական Կոմիտէի Մէկ Պատուիրակութիւնը

PROFOTO
Լիբանանի ողիմպիական կոմիտէի մէկ պատուիրակութիւնը` գլխաւորութեամբ նախագահ Ժան Համմամի, այցելեց երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար Ապտել Մութթալեպ Հեննաուիի:
Իր խօսքին մէջ նախարարը ըսաւ, որ իր փափաքն է, որ բոլոր ֆետերասիոններուն մօտ համայնքային եւ կրօնական մօտեցումները վերջ գտնեն եւ բոլորը աշխատին ի շահ երկրին:
Աւարտին նախարարը առաջարկեց որ ողիմպիական կոմիտէն գործակցի կրթութեան նախարարութեան հետ, որպէսզի դպրոցական ախոյեանութիւններէն ի յայտ բերուին յատուկ տաղանդներ ունեցողները եւ պատրաստուի ցանկը այն մարզիկներուն, որոնք ողիմպիական մետալներ կ՛ապահովեն Լիբանանին, որպէսզի անոնց տրամադրուին նիւթական օժանդակութիւններ:
CATEGORIES Մարզական

