Ճատրակ. Լիբանանի Ախոյեանութեան Զտումի Մրցումները Սկսան
Կազմակերպութեամբ Լիբանանի ճատրակի ֆետերասիոնին, «Կոլտըն Թիւլիփ Կալերիա» պանդոկի «Սիտոն» սրահին մէջ (Ժընահ) սկսան Լիբանանի ճատրակի ախոյեանութեան զտումի մրցումները, որոնց իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն 55 տղաք եւ աղջիկ մը միայն` Ռիհամ Սալեհ (15 տարեկան):
Մրցումներուն իրենց մասնակցութիւնը բերողներուն կարգին են նաեւ Լիբանանի տարիքային ախոյեանութեան ախոյեան հանդիսացածներ:
Աւարտական հանգրուաններուն իրենց տոմսը կ՛ապահովեն վեց ճատրակ խաղացողներ, որոնց վրայ կ՛աւելնայ 7-րդը, որ կ՛ընտրուի ֆետերասիոնին թեքնիք յանձնախումբին կողմէ:
7 հանգրուան ընդգրկող այս մրցաշարքը կ՛աւարտի յառաջիկայ կիրակի օր:
Տիտղոսակիրը պիտի ստանայ 500 ամերիկեան տոլարի գումար մը:
Մրցաշարքին իրաւարարներն են Շըհատէ Ապու Նըմրի, Ռոլան Ախրաս եւ Ամմար Հաթում:
CATEGORIES Մարզական

