Ֆութպոլի Միջազգային Բարեկամական Մրցումներ. Այսօր` Ռուսիա – Հայաստան

Նկատի ունենալով, որ «ՖԻՖԱ»-ին կողմէ չորեքշաբթի, 5 մարտ 2014-ը ճշդուած է ֆութպոլի միջազգային բարեկամական մրցումներու օր, այսօր տեղի պիտի ունենան բազմաթիւ ճակատումներ` աշխարհի չորս տարածքին:

Անոնց կարգին պիտի ըլլայ նաեւ Ռուսիա – Հայաստան մրցումը, որ տեղի պիտի ունենայ Քրասնոտարի Քուպանի մարզադաշտին վրայ եւ պիտի սկսի ժամը 16:00-ին` Պէյրութի ժամանակացոյցով:

Նշենք, որ այս մրցումը ուղղակիօրէն պիտի պատկերասփռուի «Արմենիա Թի. Վի.» պատկերասփիւռի կայանէն:

Ստորեւ կու տանք այսօր տեղի ունենալիք կարգ մը կարեւոր բարեկամական մրցումներուն յայտագիրը (ժամերը` Պէյրութի ժամանակացոյցով).

  ԺԱՄ
Ռուսիա – ՀԱՅԱՍՏԱՆ         16:00
Լիթուանիա – Ղազախստան 17:00
Ազրպէյճան – Ֆիլիփեան կղզիներ 17:00
Պուլկարիա – Պիելոռուսիա 17:45
Յունաստան – Հարաւային Քորէա 19:00
Հարաւային Ափրիկէ – Պրազիլ 19:00
Պոսնիա – Եգիպտոս 19:30
Չեխիա – Նորվեկիա 19:30
Թուրքիա – Շուէտ 20:30
Ռումանիա – Արժանթին 21:00
Ուքրանիա – Միացեալ Նահանգներ 21:00
Աւստրիա – Ուրուկուէյ 21:30
Զուիցերիա – Խրուաթիա 21:30
Գերմանիա – Չիլի 21:45
Իրլանտա – Սերպիա 21:45
Լեհաստան – Սկովտիա 21:45
Անգլիա – Դանիա 22:00
Ֆրանսա – Հոլանտա 22:00
Փորթուգալ – Քամերուն 22:45
Սպանիա – Իտալիա 23:00
Share this Article
CATEGORIES