Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Աղջկանց Ա. Դասակարգի Ախոյեանութեան 2013-2014 Տարեշրջանին Ազդանշանը Կը Տրուի Շաբաթ, 8 Մարտին

Երէկ` երեքշաբթի, 4 մարտին, Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը մարզական լրագրողներուն յղեց աղջկանց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 2013-2014 տարեշրջանի մրցումներուն յայտագիրը:

Ա. հանգրուանի մրցումները կը սկսին շաբաթ, 8 մարտին, երբ տեղի կ՛ունենան երեք ճակատումներ` հետեւեալ յայտագիրին հիմամբ. Պըրժ Այնթուրա – Անդրանիկ, Մութթահետ – Հուփս եւ ՀՄԸՄ – Պիլիվըրզ: Չորրորդ եւ վերջին մրցումը տեղի պիտի ունենայ երեքշաբթի, 11 մարտին` Լիբանանի 18 տարեկանէն վար ազգային խումբին եւ Ռիատիի միջեւ:

Երէկ, հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունենալով Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնի հաշուապահ, ՀՄԸՄ-ի ներկայացուցիչ Ճորճ Սապունճեանի հետ, տեղեկացանք, որ աղջկանց ախոյեանութիւնը պիտի չնմանի տղոց ախոյեանութեան եւ միայն հիւրընկալ ակումբին համակիրները չէ, որ դաշտ մուտք պիտի գործեն: Երկու կողմերուն համակիրներն ալ իրաւունք ունին մրցումին ներկայ գտնուելու:

Ստորեւ կու տանք ՀՄԸՄ-ի կատարելիք երթի մրցումներուն յայտագիրը.

ՇԱԲԱԹ, 8 ՄԱՐՏ. Ա. ՀԱՆԳՐՈՒԱՆ ԺԱՄ ԴԱՇՏ
ՀՄԸՄ – Պիլիվըրզ 19:00 Աղբալեան
 

ՀԻՆԳՇԱԲԹԻ, 13 ՄԱՐՏ. Բ. ՀԱՆԳՐՈՒԱՆ

   
Հուփս – ՀՄԸՄ 19:30 Միշել Մըր
 

ՇԱԲԱԹ, 15 ՄԱՐՏ. Գ. ՀԱՆԳՐՈՒԱՆ

   
ՀՄԸՄ – Անդրանիկ 18:00 Աղբալեան
 

ՇԱԲԱԹ, 22 ՄԱՐՏ. Դ. ՀԱՆԳՐՈՒԱՆ

   
18 տարեկան վար – ՀՄԸՄ 18:00 Աղբալեան
 

ՇԱԲԱԹ, 29 ՄԱՐՏ. Ե. ՀԱՆԳՐՈՒԱՆ

   
ՀՄԸՄ – Պըրժ Այնթուրա 19:00 Աղբալեան
 

ՇԱԲԱԹ, 5 ԱՊՐԻԼ. Զ. ՀԱՆԳՐՈՒԱՆ

   
Մութթահետ – ՀՄԸՄ 18:00 Սաֆատի
 

ՇԱԲԱԹ, 12 ԱՊՐԻԼ. Է. ՀԱՆԳՐՈՒԱՆ

   
ՀՄԸՄ – Ռիատի 19:00 Աղբալեան
Share this Article
CATEGORIES