Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Այսօր` Պիպլոս Հուփս

Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 10-րդ եւ դարձի առաջին հանգրուանի մրցումները կը սկսին այսօր, Պիպլոս – Հուփս բացման մրցումով: Մնացեալ մրցումները պիտի շարունակուին հինգշաբթի, ուրբաթ եւ շաբաթ օրերը:

ՀՄԸՄ-ի ներկայացուցչական խումբը իր մրցումը պիտի կատարէ շաբաթ, 8 մարտին, «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ` յետմիջօրէի ժամը 17:00-ին հիւրընկալելով Ռիատին:

Ստորեւ` դարձի առաջին հանգրուանի մրցումներուն յայտագիրը.

ՉՈՐԵՔՇԱԲԹԻ, 5 ՄԱՐՏ ԺԱՄ ԴԱՇՏ
Պիպլոս – Հուփս 19:00 Պիպլոս
ՀԻՆԳՇԱԲԹԻ, 6 ՄԱՐՏ
Պըժժէ – Մութթահետ 19:00 Սանթրալ
ՈՒՐԲԱԹ, 7 ՄԱՐՏ
Սաժես – Ամշիթ 18:00 Ղազիր
ՇԱԲԱԹ, 8 ՄԱՐՏ
Շանվիլ – Թատամոն 17:00 Շանվիլ
ՀՄԸՄ – Ռիատի 17:00 Աղբալեան
Share this Article
CATEGORIES