ՆԱԽԱՐԱՐ ՍԱՊՈՒՆՃԵԱՆ ԿՈՉ Կ՛ՈՒՂՂԷ ՅԱՆՁՆԱՌՈՒ ՄՆԱԼՈՒ ԿԵՆՍՈԼՈՐՏԻ, ԱՌՈՂՋՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ՀԱՆՐԱՅԻՆ ԱՊԱՀՈՎՈՒԹԵԱՆ ՊԱՀՊԱՆՄԱՆ ՉԱՓԱՆԻՇՆԵՐՈՒՆ
Ճարտարարուեստի նախարար Վրէժ Սապունճեան երէկ նախարարութեան կեդրոնին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ սիմենթի արտադրութեան գործարաններու սեփականատէրեր Փիեռ Տումեթը, Ժոզեֆ Օսէյլին, Օրիս Սփիլմենը եւ Թալաաթ Լահհամը` ներկայութեամբ ճարտարարուեստի նախարարութեան ընդհանուր տնօրէն Տանի Ժըտաունի:
Հանդիպումին ընթացքին նախարար Սապունճեան շեշտեց այս ընտիր եւ իւրայատուկ ճարտարարուեստի տեսակին անհրաժեշտութիւնը` ընդգծելով, որ անիկա մեծապէս կը նպաստէ Լիբանանի մէջ ծաւալող շինարարական գործունէութեան եւ կը հասնի մինչեւ արաբական եւ ափրիկեան երկիրներ:
Վ. Սապունճեան շեշտեց կենսոլորտի, առողջութեան եւ հանրային ապահովութեան պահպանման չափանիշներուն յանձնառու մնալու անհրաժեշտութիւնը:
Հանդիպումէն ետք Լահհամ յայտնեց, որ իրենք նախարար Սապունճեանը շնորհաւորած են անոր ստանձնած նոր պաշտօնին առիթով, ինչպէս նաեւ նախարարին հետ քննարկած են Լիբանանի մէջ սիմենթի արտադրութիւնը եւ որակը բարելաւելու հեռանկարները:
Լահհամ ընդգծեց սիմենթի գործարաններուն հեզասահ գործակցութիւնը ճարտարարուեստի նախարարութեան հետ, որ մնայուն կերպով կը զօրակցի այդ գործարաններուն:


