ԱՐԻՏԻ. «ՅՈՒՍԱԽԱԲ ԿԱՄ ԱՆՁՆԱՏՈՒՐ ՊԻՏԻ ՉԸԼԼԱՆՔ, ԱՅԼ` ԱՒԵԼԻ ՀԶՕՐ ՊԻՏԻ ԴԱՌՆԱՆՔ»

Նախարար Արիտի` երեսփոխան Նիքոլան ընդունելու ընթացքին

Հանրօգուտ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու նախարար Ղազի Արիտի երէկ նախարարութեան կեդրոնին մէջ ընդունեց Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի անդամ, երեսփոխան Նեպիլ Նիքոլան, որուն հետ քննարկեց Լիբանանի քաղաքական բեմը յուզող իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ կառավարութեան մշակած աշխատանքային ծրագիրին վերաբերող հարցեր:

Հանդիպումէն ետք Նիքոլա յայտնեց, որ նման կազմով կառավարութեան մը գոյութիւնը լաւատեսութիւն եւ դրական մթնոլորտ կը ներշնչէ: Ան նկատել տուաւ, որ Արիտիի հետ քննարկած է նաեւ Մեթնի եւ այլ շրջաններու մէջ բարգաւաճման ծրագիրներու գործադրութեան հեռանկարները:

Արիտի ընդունեց նաեւ երեսփոխան Սիմոն Ապի Ռամիան, որուն հետ քննարկեց բարգաւաճման վերաբերող զանազան ծրագիրներ:

Նախարարութեան կեդրոնէն մեկնումի պահուն Ապի  Ռամիա հաստատեց, որ Լիբանանի կառավարութիւնը այսօր կը գտնուի վայրագ ընդդիմութեան դիմաց` մաղթելով, որ ընդդիմութիւնը ըլլայ շինիչ, որովհետեւ երկրին ներկայ իշխանութիւնները իրենց պատասխանատուութիւնները ստանձնած են բարեկարգումի տրամաբանութեամբ եւ մօտեցումով, ինչպէս նաեւ Լիբանանի մէջ բոյն դրած փտածութեան վերջ տալու տրամադրութեամբ:

Արիտիի այցելուներէն եղաւ նաեւ Պաաս կուսակցութեան նախագահ Ֆայեզ Շքըր:

Նշենք, որ Արիտի Ալէյի դպրոցին աւարտական հանդէսին նախագահելու ընթացքին ելոյթ ունենալով յայտնեց, որ Լիբանան բոլոր երկիրներուն համար օրինակելի տիպար է իր բազմազանութեամբ, ազգային միասնականութեամբ, համայնքային համերաշխութեամբ, ազգային գոյակցութեամբ եւ ժողովրդավարութեամբ:

Արիտի ընդգծեց, որ իրենք երբեք  յուսախաբ եւ անձնատուր պիտի չըլլան, այլ` աւելի հզօր պիտի դառնան, որովհետեւ Լիբանան ունի բացառիկ կարողութիւններ, որոնք առիթ կու տան անոր`  աւելի եւս հզօրանալու:

 

Share this Article
CATEGORIES