ՊԸՐՐԻ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՀԻՒՍԷՅՆ ՇԷՅԽԵԼԻՍԼԱՄԸ
Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց Իրանի խորհրդարանի նախագահ Ալի Լարիճանիի խորհրդական Հիւսէյն Շէյխելիսլամը, որ Պըրրիի փոխանցեց հրաւէր մը` ներկայ գտնուելու Թեհրանի մէջ տեղի ունենալիք պաղեստինեան հարցին զօրակցութեան միջազգային խորհրդաժողովին:
Հանդիպումին ներկայ գտնուեցաւ նաեւ Լիբանանի մէջ Իրանի դեսպան Ղատանֆար Ապատի:
Հանդիպումէն ետք Շէյխելիսլամ ողջունեց Պըրրին` աւելցնելով, որ Թեհրան հինգերորդ անգամն ըլլալով պաղեստինեան հարցին զօրակցութեան խորհրդաժողովներ կը հիւրընկալէ եւ կը կազմակերպէ:
Շէյխելիսլամ շեշտեց, որ պաղեստինեան հարցը իրաւացի է եւ իրաւազրկուած պաղեստինցի ժողովուրդին պէտք է վերադարձնել իր իրաւունքները` վերադարձնելով անոր բռնագրաւուած բոլոր հողերը, ինչպէս նաեւ գործադրելով պաղեստինցի գաղթականներուն տունդարձի իրաւունքը:
Պըրրիի այցելեցին նաեւ Լիբանանի մէջ Ֆիլիփեան կղզիներու, Սրի Լանքայի եւ Չեխիոյ դեսպանները: