Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ)
Ունիք անյետաձգելի գործեր, որոնց կը մօտենաք անփութութեամբ: Հետագային զղջալու առիթ մի՛ տաք, անտարբերութիւնը կը վնասէ ձեր շահերուն:
ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Շռայլութիւնը նոյնքան վնասակար է, որքան` ժլատութիւնը: Գտէք միջին ճամբան` ձեր պիւտճէին հաւասարակշռութիւնը պահելու համար: Խոհեմ եղէք:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Հոգ տարէք ձեր առողջութեան, մանաւանդ` քունին: Մարզանքը կրնայ օգտակար ըլլալ ձեր աշխուժութեան: Լաւագոյն մարզաձեւը քալելն է:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Ունիք կարողութիւններ, զորս չէք արտայայտած: Ձեր տաղանդը յայտնաբերելու առիթներ պիտի ստեղծուին, ջանացէք օգտագործել այդ առիթները:
ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Մտահոգուած էք անիմաստ եւ անօգուտ հարցերով, մինչդեռ դրական երեւոյթներ ունիք ձեր աչքերուն առջեւ: Յոռետեսութիւնը հեռացուցէք ձեզմէ:
ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Ուսուցանելու շնորհք ունիք, այս կապակցութեամբ պիտի դիմեն ձեզի, որպէսզի ստանձնէք պատասխանատու պաշտօն մը: Առանց վարանելու` ընդունեցէք:
ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Ձեր գիտելիքներուն վրայ մի՛ մնաք, նորութիւններու հետեւեցէք ընթերցանութեամբ, կամ` համացանցով պրպտումներու, ոչ թէ ժամանցի համար, այլ` յառաջդիմելու: Փայլեցուցէք ձեր շնորհները` առանց ծուլանալու:
ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Ճամբորդութիւն մը կրնայ ձեզ խանդավառել, առօրեայ միօրինակութենէ դուրս բերել: Կրնաք օգտուիլ նիւթական դիւրութիւն պարգեւող անձերէ:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Օրը օրին աւարտեցէք ձեր ստանձնած աշխատանքը` ոչինչ ձգելով յաջորդ օրուան: Եթէ թուլութիւն մը կը զգաք աշխատելու, անդրադարձէք ձեր սնունդին, որ կը կարօտի ուշադրութեան: Լաւ կերէք:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Դիւրահաւան մի՛ ըլլաք, մանաւանդ այսօր, որովհետեւ կրնաք հանդիպիլ անձի մը, որ կրնայ շահագործել ձեր ծառայասիրութիւնը եւ յոգնեցնել ձեզ: Զգո՛ւշ:
ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Աշխատանքի վերապահուած ժամերը մի՛ մսխէք հաճոյասիրութեամբ, բան մը, որ կը խանգարէ ձեր ծրագրին իրագործումը: Մերժեցէք անտեղի հրաւէրները:
ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Հարազատի մը կամ բարեկամի մը կազմակերպած խնճոյքին պիտի մասնակցիք տօնական առիթով: Ձեզի հետ տարէք փունջ մը ծաղիկ, որ սիրոյ արտայայտիչն է: Նկատի առէք այսպիսի մտածումներ:

