50 Տարի Առաջ (6 Մարտ 1964)
Երբ Ետ Կը Նայինք…
Տէր Զօրի Աւազները
Տիթրոյիթէն, Ամերիկա, Փըրսի Սարգիսեան, տեղւոյն ծխական թերթիկի փետրուարի թիւին մէջ ստորագրած է հետեւեալ խմբագրականը (անգլերէնով), զոր թարգմանաբար կը ներկայացնենք մեր ընթերցողներուն.
Արդեօք քանի՞ հոգի լսած է Տէր Զօրի մասին: Հաւանաբար` ոչ շատեր: Անոնց թիւը աւելի եւս նուազ է ամերիկածին հայ երիտասարդութեան մէջ: Դուք ծանօթ ըլլաք թէ ոչ այդ անուան, Տէր Զօրի մէջ տեղի ունեցած անցուդարձերը հայ ցեղի ճակտին թողուցին իրենց անջնջելի հետքերը:
Տէր Զօրը Եփրատի աջ ափին վրայ գիւղաքաղաք մըն է, որմէ անմիջապէս դէպի հարաւ կը տարածուի սուրիական անապատը:
Տէր Զօրի մէջ էր, ու` դէպի հարաւ տարածուող խանձող հողերու եզերքին, որ հայերը, իրենց ներքին նահանգներէն եւ տուներէն արմատախիլ ըլլալէ ետք, իրենց ինչքերէն եւ նիւթական հարստութենէն մերկացուելէ ետք, զէնքերու սպառնալիքով եւ վայրագ միջոցներով քշուեցան դէպի անծայրայծիր աւազները, դէպի անհասանելի խորքերը անապատին, ուրկէ վերադառնալ չկար:
Իրենց երիտասարդ ամուսինները թուրք բանակին կողմէ խլուած էին արդէն: Հետիոտն աքսորականներ էին իրենք, մեծամասնութեամբ` ծերեր, եւ թուրք եւ քիւրտ գազանացած չէթէներէ չառեւանգուած երիտասարդ աղջիկներ, ընկերակցութեամբ հազարաւոր փոքրիկներու, որոնց կեանքի մասին ունեցած գաղափարը մանկական ազատ եւ անհոգ օրերու ծիրէն անդին չէր անցներ:
Անխուսափելի մահուան տողանցքը սկսած էր: Մինչեւ հեռաւոր հորիզոններ` անպատսպար եւ արիւնոտող ոտքերով քաշքշուող հայերու խումբեր տեսանելի էին մահացող ժողովուրդի քովն ի վեր:
Գթոտ մահը շուտո՜վ փակեց աչքերը շատերուն` այդ տանջալից ճամբուն վրայ, որ բացուած էր արիւնահոս ոտքերովը չարչարուած հայերու: Մղոններո՜վ, անտուն դժբախտներու տխրաբոյր բանակը կը յառաջանար` շարունակ խորանալով անվերջ աւազուտքին մէջ, որ շուտով իրենց ոսկորները պիտի բիւրեղացնէր:
Շատեր անվարժ` անապատային բռնի արշաւներու, նօթի եւ ծարաւ, ինկան ճամբու եզերքին եւ անգթօրէն խոշտանգուեցան թուրք պահակներու կողմէ, որոնք անվերջ հրճուանք միայն կը զգային «կեավուր»-ներու հաւաքական տանջանքներուն ի տես:
Անոնք, որոնք կրնային քալել, ուժասպառ ոտքի ելան ու միացան կարաւաններուն, իսկ անկարները խողխողուեցան կամ լքուեցան իրենց ճակատագրին` խանձող արեւուն տակ, եւ գիշերեցին սոսկալի ցուրտին մէջ:
Անասելի թշուառութիւնն ու համաճարակը շուտով տարածուեցան անապատին խորքերը գտնուող շարքերուն մէջ այդ դժբախտներուն: Ու պահակները, այլեւս չուզելով շնչել գարշահոտութիւնը փտող դիակներու, վերջ տուին իրենց հսկողութեան եւ ապաստանեցան քաղաքներ:
Հազարաւոր մեռեալներն ու մեռնողները բուրգե՜ր կազմեցին, եւ ատո՛վ իսկ աղաղակեցին այն անիրաւութիւններուն դէմ, զորս անտարբեր աշխարհը խուփ ականջներով միայն… կը լսէր:
Հիւծող մանուկներու շրթներէն լսուող կրկնակի կանչերը լեցուցին օդը` հարկադրելով խելագարած մայրերը վազելու մէկ դիակէն դէպի միւսը, յափշտակելու հացի վերջին պատառները, ուշացնելու համար չարաշուք մահուան ուրուականը:
Հակառակ անխուսափելի մահուան` հայոց պատմութեան նոր եւ սրտապնդիչ մէկ գլուխը կը գրուէր հոն, Սուրիոյ դժոխային աւազներուն վրայ: Այնպիսի անհաւատալի եւ խորազդեցիկ գլուխ մըն էր ատիկա, որ հայոց յաջորդող սերունդներուն համար անզուգական ներշնչումի աղբիւր պիտի ըլլային հոն կատարուող հերոսական եւ անհաւատալիօրէն խիզախ իրադարձութիւնները:
Որովհետեւ հո՛ն էր, որ գրեթէ անդամալուծող դժբախտութիւններու դէմ առ դէմ, մարդկային այդ կարաւանը շրջապատող մահուան ճիրաններուն ու անասելի տանջանքներուն մէջ իսկ հայ կինը հրա՜շք մը կը գործէր. հրա՜շք մը` խիզախութեան եւ անընկճելի ոգիի ցուցաբերութեամբ:
Անապատի հարթ աւազները որպէս հսկայական գրատախտակ գործածելով` կարաւանի կիները իրենց մատներով փորագրեցին հայոց այբուբենը գետնին վրայ եւ սկսան իրենց մանուկներուն սորվեցնել այդ սուրբ բարբառն ու հայոց լեզուն` իրենց արտօնուած սակաւաթիւ դադարներու ընթացքին: Անոնք շարունակեցին ուսուցանել` հակառակ ատելավառ ու թունալից նայուածքներուն պահակներու, որոնց վայրագութիւնն իսկ անօգուտ եւ ապարդիւն կը մնար…
Այդ հրաշքին վերջին հանգրուանը եղաւ վերընձիւղումը մեր ժողովուրդին:
… Ի՞նչպէս կրցան հայերը դիմանալ ցեղաջնջումի ահ ու սարսափին, երբ կիները, իրենց մազերէն կախուած, կը բզկտուէին եաթաղանովը թուրք աւազակներու, որոնք հաճոյք կ՛առնէին միայն քրիստոնեայի մը տանջանքներէն…
Ի՞նչն էր, որ պահեց հայուն մտային հաւասարակշռութիւնը` ի տես հայ մանուկներու սուինի ծայրէ սուինի ծայր նետուելուն, սուլթանին խելագար զինուորներուն կողմէ…:
«Զարմանալի ժողովուրդ մը» վճռեցին պատմագիրները… «ժողովուրդ մը, որուն նահատակեալ միլիոնները հաւատքի եւ կրթութեան անզուգական ժառանգ մը թողուցին»:
Անոնք մեր նո՛յն այն հարազատներն էին, որոնք թէեւ ֆիզիքապէս բնաջնջուեցան, սակայն երբեք չընկրկեցան բարոյական եւ հաւատքի հարցերուն մէջ:
Այդ սուրբ մեռեալները ձեր նախնիքներն էին. իսկ դուք` անոնց ապագա՛ն… Պիտի կարենա՞ք պահել ու պահպանել հաւատքով հարուստ այդ անցեալը:
Միշտ յիշենք զիրենք, մեր աղօթքներուն մէջ…

